Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան Այցելեց Ազգային Սուրէն Խանամիրեան Քոլեճ
Չորեքշաբթի, 12 փետրուար 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճին համար տօնական ու խնդութեան օր էր, որովհետեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ վարժարան:
Սրբազանը դիմաւորուեցաւ վարժարանի մնայուն բարերար Միրէյ Խանամիրեանի, հոգաբարձութեան, Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչներու, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, պաշտօնէութեան, աշակերտներուն, ծնողներուն եւ շրջանի պատկան մարմիններուն կողմէ: Ապա վարժարանի սրահին մէջ ներկայացուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը` սրբազանը ծանօթացնելու վարժարանի աշխատանքներուն:
Այս առիթով խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Նելլի Վէքիլեան, որ մեծ ուրախութեամբ բարի գալուստ մաղթեց սրբազան հօր, որ իր ընտրութենէն հազիւ քանի մը ամիս ետք այցելեց իր տունը, որպէսզի մօտէն ծանօթանայ իր զաւակներուն: Ան ըսաւ. «Օրհնաբեր այս այցելութիւնը խթանիչ ուժ է եւ քաջալերանք բոլորիս, որպէսզի յաւելեալ կորովով եւ նուիրուածութեամբ շարունակենք մեր կրթական գործը` հայ աշակերտը հայ դպրոցին մէջ տեւաբար հայ եւ յաջողակ պահելու համար»:
Աշակերտներուն կողմէ խօսք առաւ Թ. կարգէն աշակերտուհի մը, որ իր խօսքին մէջ նշեց, թէ` «մենք քաջ կը գիտակցինք, որ դուք ձեր գուրգուրանքին եւ հովանիին ներքեւ պահելով մեր վարժարանը, մօտէն կը հետաքրքրուիք մեր բոլոր հարցերով, ինչպէս նաեւ ձեր այցելութեամբ` ծանօթանալով մեր վարժարանի առօրեային եւ աշակերտներուն, կու գաք վստահեցնելու, թէ` դուք ձեր օրհնաբեր ներկայութեամբ կը սատարէք վարժարանի վերելքին»: Ան խոստացաւ նաեւ առաջնահերթութիւն նկատել հայ դպրոցն ու հայեցի դաստիարակութիւնը, ինչպէս նաեւ տէր կանգնիլ հայոց լեզուին, մշակոյթին, գրականութեան եւ պատմութեան, որպէսզի Մեսրոպ Մաշտոցի ջահը անմար պահենք:
Գեղարուեստական յայտագիրով աշակերտները ներկայացուցին «Հայաստան», «Մահապա», «Լորտ Պրայընզ քոթզ էպաութ արմինիընզ», «Մեսրոպաբոյր» կտորները, ինչպէս նաեւ հանդէս եկան «Մայրիկ» նազպարով:
Յայտագիրի աւարտին իր պատգամը փոխանցեց Շահէ եպս. Փանոսեան, որ գոհունակութեամբ շնորհաւորեց աշակերտներն ու պատասխանատուները պատրաստուած հանդիսութեան համար, որ ապացոյց մըն էր վարժարանի յարկին տակ տարուած աշխատանքներուն: Ապա ան մտերմիկ զրոյց մը ունեցաւ աշակերտներուն հետ, պատուիրեց անոնց լաւ սորվիլ բոլոր դասերը, սակայն նախապատուութիւն տալ հայերէնին, որովհետեւ` «ինչ որ հայկական է, թանկագին է», ուրեմն անհրաժեշտ է կառչած մնալ ու տէր կանգնիլ հայկականին: Սրբազանը խոստացաւ աշակերտներուն նաեւ, իր հովուապետական գաւազանով դառնալ այն բարի հովիւը, որ պիտի առաջնորդէ իր հօտը դէպի ապահով ափեր:
Աւարտին, սրբազան հայրը շրջեցաւ դասարանները` մօտէն ծանօթանալու աշակերտներու աշխատանքներուն եւ առօրեային:
http://www.aztagdaily.com/