110,000 Տոլար Կը Հաւաքուի Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին Ի Նպաստ

Օրերս Քալիֆորնիոյ Պրենթուուտ քաղաքին մէջ, Զաւէն եւ Սոնիա Աքեաններու բնակարանին մէջ տեղի ունեցած է տօնակատարութիւն մը՝ նշելու համար Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի նախաւարտական բաժանմունքին բացումը, որուն ընթացքին կարելի եղած է գոյացնել 110,000 տոլար գումար մը, ի նպաստ այդ բաժանմունքին:
Հիւրընկալ Զաւէն Աքեան կը յայտնէ, թէ մասնակցութիւնը եւ մասնակիցներուն ցուցաբերած խանդավառութիւնը ակնկալուածէն աւելի լաւ եղած է՝ դրուատելով համալսարանի զօրակիցներուն ցուցաբերած աջակցութիւնը:
Համալսարանի նախագահ դոկտ. Պրուս Պօղոսեան, որ Հայաստանէն Քալիֆոնիա ժամանած է՝ մասնակցելու համար այս հաւաքին, յայտարարած է. «Ուրախ ենք, որ այսօր մեզի հետ է համալսարանի հիմնադիրներէն՝ դոկտ. Միհրան Աղպապեանն ու դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրէղեանը»: Ան նաեւ ողջունած է Ծովածոցի շրջանէն ժամանած Սեդա Քարամատեանի ու անոր ամուսնոյն՝ Կերի Սոմայի ներկայութիւնը, որոնք կը ներկայացնէին այլ հիմնադիր մը՝ դոկտ. Ստեփան Քարամարտեանը: Ներկայ էր նաեւ համալսարանի հոգաբարձութեան ատենապետ տոքթ. Լորընս Փից:
Պրուս Պօղոսեան ըսած է, թէ համալսարանին գործունէութեան դաշտի ընդարձակման շնորհիւ՝ անիկա սկսած է աւելի մեծ ազդեցութիւն ունենալու շրջանի կրթական մարզին մէջ:
«Այսուհետեւ պիտի կրնանք աւելի մեծ թիւով շրջանաւարտներ ունենալ: Միայն քանի մը տարիէն համալսարանէն շրջանաւարտ պիտի ըլլան գրեթէ այնքա՛ն ուսանողներ, որքան աւարտած են համալսարանի առաջին 22 տարիներուն ընթացքին: Այս շրջանաւարտները զարկ պիտի տան Հայաստանի տնտեսութեան ու պիտի հզօրացնեն կառավարութիւնը՝ իրենց հետ բերելով թափանցիկութիւն եւ լաւագոյն աշխատելաձեւեր», աւելցուցած է ան:
Ձեռնարկին հանդիսավարը եղած է Պերնտ Սթեֆանը, որ փեսան է հիւրընկալ ամոլին, մինչ հիւրընկալ զոյգին դուստրերը՝ Լոռի եւ Լենա, ներկաներուն երախտագիտական նամակներ կարդացած են՝ ուղղուած կրթանպաստներ ստացած ուսանողներէ:
Լորընս Փից դրուատած է ձեռնարկին կազմակերպիչները եւ շնորհակալութիւն յայտնած է յատկապէս Աքեան ընտանիքին: Ան նաեւ կոչ ըրած է բոլորին՝ շարունակելու նեցուկ կանգնիլ համալսարանին, որուն առաքելութիւնն է պատրաստել Հայաստանի ապագայ ղեկավարներ: