«Երգ Երգոց»-ի Մրցանակին Արժանացաւ Գօգօ Արոյեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/11/yerk3-420x257.jpg)
Երէկ` կիրակի, 24 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տարբեր մթնոլորտ կը տիրէր` պրկում, սպասում, խանդավառութիւն, վախ, քաջալերանք, զօրակցութիւն… մէկ խօսքով` մրցակցութիւն: Արդարեւ, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած եւ «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանին հովանաւորութիւնը կրող «Երգ երգոց» մրցումին աւարտական հանգրուանն էր, որուն ընթացքին իրարու դէմ կը մրցէին Գօգօ Արոյեան, Փամելա Մանիսալեան եւ Յովիկ Թաֆրանեան:
Սրահը լեցուցած արուեստասէրները ողջունեցին բեմին լաւապէս տիրապետած, հաճելի ու գրաւիչ ներկայութիւն հանդիսացող, հաղորդական ոճով յատկանշուող բեմավարներ Հրակ Աւետանեանն ու Շաղիկ Յովսէփեանը: Ապա իրենց սրտի խօսքը արտասանեցին դատական կազմի անդամները` Պարգեւ Թասլաքեան, Շողիկ Թորոսեան եւ Ատիս Հարմանտեան, որոնք ողջունեցին մրցանքին մասնակիցները, դիտել տուին, որ նման փորձառութիւն կարեւոր է, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի ինքնավստահ ըլլալ, սորվիլ սխալները եւ այդպէս քալել դէպի ապագայ:
Ապա հեղինակային երգերով ելոյթ ունեցան աւարտական հանգրուանին հասած մասնակիցները. Փամելա Մանիսալեան հանդէս եկաւ «Եթէ իմանայիր» երգով, Յովիկ Թաֆրանեան երգեց «Նուիրում եմ»-ը, իսկ Գօգօ Արոյեան` «Մեր սիրոյ աշունը»:
Երկրորդ մեկնաբանութեամբ մասնակիցները ներկայացուցին իրենց նախասիրած երգերը. Յովիկ Թաֆրանեան երգեց «Հայոց կանայք»-ը, Փամելա Մանիսալեան` «Une femme amoureuse», իսկ Գօգօ Արոյեան` «Սէրս մի՛ մարի»:
Երրորդ եւ վերջին հանգրուանով մասնակիցները հանդէս եկան ազգային երգերով, զորս մեկնաբանեցին բաւական տպաւորիչ կերպով. Փ. Մանիսալեան ընտրած էր «Վաղ թէ ուշ» երգը, Գ. Արոյեան ներկայացուց «Հայ հերոսների երգը», իսկ Յ. Թաֆրանեան` «Ազգ փառապանծ»-ը:
Բոլոր ելոյթներուն ալ մասնակիցներուն ու հիւր երգիչներուն կը նուագակցէին «Աղթամար» նուագախումբի անդամները, որոնք իրենց վստահուած պարտականութիւնը կատարեցին լիուլի եւ մասնագիտական մօտեցումով:
Ապա սրահը լեցուցած ներկաներուն առիթ տրուեցաւ իրենց քուէն տալու եւ բաժնուած յատուկ թուղթերուն վրայ նշելու անունը այն անձին, որուն արժանի կը նկատեն մրցանակակիր դառնալու:
Անկէ ետք Գարմեն Աճեմեան` «Երգ երգոց»-ի աւարտական հանգրուանին հասած երեք մասնակիցներուն ընկերակցութեամբ մեկնաբանեց երգ մը, որուն յաջորդեցին դատական կազմի անդամներէն Շողիկ Թորոսեանի եւ սիրուած երգիչ Ատիս Հարմանտեանի երգերը, որոնք մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին սրահին մէջ:
Յատկանշական էին նաեւ Պարգեւ Թասլաքեանի խմբավարած «Ֆայհա» երգչախումբին հիւրաբար մասնակցութիւնն ու անոր կողմէ մեծ վարպետութեամբ մեկնաբանուած փունջ մը երգերը: Յիշատակելի է, որ խումբին ընկերացաւ եւ արաբերէն երգով մը հանդէս եկաւ նախորդ տարուան «Երգ երգոց»-ի մրցանակակիրներէն Ալիս Իփրաճեան:
Վերջին հանգրուանին յայտարարուեցան արդիւնքները` «Վանայ ձայն»-ի, Դիմատետրի, ներկաներուն, ինչպէս նաեւ դատական կազմին քուէներն ու արժեւորումները համադրելէ ետք: Առաջին հանդիսացաւ Գօգօ Արոյեան, երկրորդ` Յովիկ Թաֆրանեան, իսկ երրորդ` Փամելա Մանիսալեան: Երեք մասնակիցներուն ալ տրուեցան երգարաններ` Շողիկ Թորոսեանի ձեռամբ, իսկ «Երգ երգոց»-ի բեմադրիչ Վարդան Մկրտիչեան յանձնեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան պատրաստած համապատասխան յուշանուէրները:
Նոր տաղանդները քաջալերելու, բեմին վրայ կանգնելու եւ հանդիսականներու դիմաց ելոյթ ունենալու փորձառութիւնը ապրելու, փորձառու արուեստագէտներէ խորհուրդներ լսելու, իրենց սխալները ուղղելով նոր հանգրուան թեւակոխելու իւրայատուկ առիթ ու միջավայր է «Երգ երգոց» մրցանքը, որուն կազմակերպման համար պէտք է երախտապարտ ըլլալ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, ինչպէս նաեւ բոլոր հովանաւորներուն եւ անոնց, որոնք նեցուկ կը կանգնին ու մասնակից կը դառնան նման նախաձեռնութիւններու յաջողութեան: