ԳԼԱՄԱՐԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՆՇԵԼՈՒ ԱՐՏԱՇԱՏԻ ՀԵՏ ԶՈՒԳՈՐԴՈՒԹԵԱՆ 10ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/10/13632057450-300x225.jpg)
Փարիզեան շրջանի հայաշատ արուարձաններէն Գլամարի քաղաքապետարանը, գործակցութեամբ իր զուգորդ քաղաք՝ Արտաշատի, կը պատրաստուի նշելու զուգորդութեան 10ամեակը:
Այս առթիւ Արտաշատէն յատկապէս կը ժամանէ շուրջ քսան հոգինոց պատուիրակութիւն մը, որ Հոկտեմբեր 13էն 21 պիտի հիւրընկալուի Գլամարի ծերակուտական-երեսփոխան Ֆիլիփ Քալթընպախի կողմէ:
Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորեն Արտաշատի քաղաքապետ Գագիկ Մուրադեան եւ Արարատի մարզպետ Էդիկ Բարսեղեան (թէեւ վերջինս առջի օր հրաժարեցաւ եւ իր տեղը նշանակուեցաւ նոր մարզպետ, բայց մեր ստացած յայտագրին մէջ նշուած է իր անունը):
10ամեակի նշումի ձեռնարկներուն մաս պիտի կազմեն ժապաւէններու սփռումներ, պաշտօնական ընդունելութիւն մը, համերգներ, անուանակոչումներ, խորհրդանշական ծառատունկ, ցուցահանդէս, պարախումբի ելոյթ, եւլն.:
Նոր Յառաջ