ԱՄՆ-ի ՄԷջ Հայ Օդաչուն Հարկադիր Վայրէջք Կատարած Է Ինքնաշարժներով Լեցուն Մայրուղիի Վրայ (Տեսանիւթ)
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/01/օդաչու.jpg)
ԱՄՆ-ի Քալիֆորնիա նահանգի Մուրփարք շրջանի 23-րդ մայրուղիին վրայ տեղի ունեցած է արտակարգ պատահար` հայ օդաչուի մասնակցութեամբ:
Ինչպէս կը յայտնէ ktla.com կայքը, թեթեւշարժիչային ինքնաթիռը, որ կը վարէր օդաչու Սեւակ Սարգսեան, չնախատեսուած վայրէջք կատարած է մայրուղիի վրայ` երթեւեկութեան ծանր ժամուն:
«Մենք շարժիչին հետ խնդիր ունէինք, ուստի վայրէջք կատարելը անհրաժեշտ էր»,- tert.am-ի փոխանցմամբ` իր արարքը մեկնաբանած է Սարգսեան: Ան նաեւ աւելցուցած է, որ ինք այնչափ անհանգստացած էր ու գործադրած է բոլոր ջանքերը, որպէսզի վայրէջքի հետեւանքով ներքեւը գտնուողներէն ոեւէ մէկը չտուժէ:
Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ Սարգսեան ուսումնական թռիչք իրականացնելուն եղած է: