Ուտի հայ վարպետը հաստատուած է իր ծննդավայրը՝ Տիգրանակերտ

Ուտի հանրածանօթ վարպետ Երուանդ Պոսթանճը (ճանչցուած՝ «Ուտի Երուանդ» անունով) 21 տարի Գալիֆորնիա ապրելէ ետք, Յունիսին վերադարձած է Թուրքիա եւ հաստատուած՝ Տիգրանակերտ (Տիյարպաքըր), որ իր ծննդավայրն է: Ան յայտարարած էր, թէ այս քայլը կ՚առնէ ընդառաջելով գլխաւորաբար Տիգրանակերտի քաղաքապետ Օսման Պայտէմիրի բայց նաեւ շատ մը այլ համաքաղաքացիներու կողմէ յղուած վերադարձի կոչերուն: Ան ըսած էր նաեւ թէ մարդ պէտք է մահանայ ա՛յն հողերուն վրայ ուր ծնած է: Արուեստագէտը աւելցուցած է, թէ ԱՄՆ-ու մէջ չէ կրցած գտնել ակնկալած երջանկութիւնը:

Առջի շաբաթ այդ կողմերը շրջապտոյտի մը ձեռնարկած ԱՄՆ-ու Անգարայի դեսպանը՝ Ռիքիարտոնէ Տիգրանակերտի մէջ այցելած է նաեւ Սուրբ Կիրակոս Հայոց եկեղեցին: Եկեղեցւոյ մէջ ան հանդիպած է Ուտի Երուանդին, որու հետ բաւական երկար զրոյց մը ունեցած է:

«Նոր Յառաջ»

Scroll Up