Սուրիահայերը կը փորձեն կայանալ Հայաստանի մէջ առանց վարկերու

Հայաստանի մէջ բնակութիւն հաստատած սուրիահայերը կը փորձեն կայացնել իրենց գործթ առանց վարկային պարտաւորութիւններու: Անոնք կը խուսափին իրենց առաջարկուող արտօնեալ վարկերէն` փորձելով սեփական ուժերով յառաջ երթալ:
Armenpress-ի հետ զրոյցին սուրիահայ Գարմէն Մնացականեանը պատմեց, որ Հալէպէն Երեւան տեղափոխուելէն ետք պայուսակներու արտադրութեամբ սկսած է զբաղիլ, սակայն մեծ արտադրութիւն չէ սկսած: «Մեր պատրաստած պայուսակները կը վաճառենք միայն ցուցահանդէսներու ժամանակ, իսկ արտադրութիւնը աւելացնելու ծրագիրներ դեռ չունինք: Կը փորձենք առանց վարկերու կայացնել պիզնեսը: 2012 թուականէն ի վեր, երբ տեղափոխուած ենք Հայաստան, մեր հիմնական գործը այս է: Այս ընթացքին աջակցութիւն ստացած ենք տարբեր կառոյցներէ, եւ, Փառք Աստուծոյ, կրնանք հոգալ մեր ծախսերը”,¬-պատմեց սուրիահայ գործարարը:
Հայաստանի մէջ մշտական բնակութիւն հաստատած սուրիահայերէն է նաեւ Եուլանտ Սապունճեանը, որ Երեւանի մէջ կը զբաղուի թխուածքներու եւ քաղցրեղէններու արտադրութեամբ: Մեզի հետ զրոյցի ժամանակ ան պատմեց, որ հիմնական դժուարութիւնը, որ յառաջացաւ Հայաստան տեղափոխուելու ժամանակ, այն էր, որ տուն չունէին եւ հասարակութեան հետ կապն ալ թոյլ էր: «Փորձեցինք սուրիական խոհանոց հիմնել, սակայն դեռ տարածք չունինք եւ միայն պատուէրներ կը կատարենք: Խնդիրներ կան ծախելու հետ կապուած, գլխաւորաբար ցուցահանդէսներու ժամանակ կը կարենանք ցոյց տալ մեր արտադրանքը: Սակայն լիայոյս ենք, որ ժամանակի ընթացքին կը կարգաւորուին հարցերը, քանի որ նպատակ ունինք մշտական բնակութիւն հաստատելու Հայաստանի մէջ”,¬-ըսաւ Սապունճեան: Ան եւս նշեց, որ Հայաստան տեղափոխուելէն ետք օգնութիւն ստացած ենք տեղական ու միջազգային տարբեր կազմակերպութիւններէն, սակայն` ոչ վարկային օժանդակութիւն: «Չենք ուզեր այստեղ այդ ռիսքին դիմել, աւելի լաւ է կամաց¬-կամաց գումար հաւաքենք եւ այդպէս ստեղծենք մեր ճաշարանը”,¬-ըսաւ ան:
Armenpress-ը զրուցեց նաեւ ՄԱԿ-¬ի փախստականներու գրասենեակի հայաստանեան պաշտօնակատար Քէյթ Օչաբսկիի հետ, որ յայտնեց, թէ Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերուն կը տրամադրեն տեխնիքական եւ խորհրդատուական աջակցութիւն: «Մենք նրանց տալիս ենք աշխատանքային գործիքներ եւ սովորեցնում ինչպէս սկսել պիզնեսը: Նաեւ օգնում ենք ճիշտ օգտագործել Կառավարութեան տրամադրած արտօնեալ վարկերը: Նրանք Սիրիայում կորցրել են իրենց տները, չունեն սոցիալական կապեր, հետեւաբար նրանց աւելի շատ աջակցութիւն է պէտք”,¬-ըսաւ ան: Օչաբսկին նկատեց, որ այստեղ բնակութիւն հաստատած սուրիահայերը իրենք զիրենք աւելի լաւ կը զգան եւ կը փորձեն ընդելուզուիլ հանրային կեանքին եւ պիզնէս միջավայրին հետ: