Google- ը իր Ապրիլ 7-ի Doodle նուիրած է Մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնին
Google ընկերութիւնը Doodle ստեղծած է Ապրիլ 7-ին մեր երկրին մէջ նշուող մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնին առթիւ: Տօնական օրերուն, հանրայայտ մարդոց ծննդեան օրերուն կամ նշանակալի իրադարձութիւններու ժամանակ, աւանդոյթի համաձայն, Google-ը կը փոխէ իր տարբերանշանը այսպէս կոչուած Doodle-ը , որ անգլերէնէն թարգմանաբար կը նշանակէ խղբզել, անփոյթ նկարել:
Գծագիր պատկերը` նուիրուած հայկական Ապրիլ 7-ին հասանելի եղած է որոնողական համակարգի հայալեզու հատուածին մէջ` google.am հասցէով: