«Ունեցածդ Ամուր Բռնէ»
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան
Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովանաւորած Ջանից երիտասարդաց ընկերակցութիւնը եղած է բազմաթիւ երիտասարդներու հոգեւոր եւ ազգային ինքնութիւններու կազմաւորման կռուան:
Շաբաթական դրութեամբ կազմակերպուող յայտագիրներուն առընթեր` առիթ կ՛ունենայինք ամրան շրջանին մասնակցելու համագումարներու, որոնք տակաւին կը շարունակուին Պէյրութի եւ Քեսապի ՔՉԱԿ կեդրոններուն մէջ: Կար ժամանակ, երբ համագումարները կ՛ըլային միացեալ. Սուրիայէն, Լիբանանէն եւ տարածաշրջանային այլ երկիրներէ երիտասարդներ քով-քովի գալով` մէկ շաբթուան ընթացքին կը լիցքաւորուէինք հոգեւոր, ազգային ու ընկերային դասաւանդութիւններով: Այդ երիտասարդական «աղմուկին» ու տակաւին «անհանդարտ» տրամադրութիւններուն մէջ իրարու կը ծանօթանայինք աւելի եւս: Հայեր էինք` տարբեր երկիրներէ եկած. այդ համագումարները կը նպաստէին, որ արժէքներ սերմանուին մեր հոգիներուն եւ միտքերուն մէջ:
Տարի մըն ալ իբրեւ համագումարի բնաբան ընտրուած էր «Ունեցածդ ամուր բռնէ»-ն: Պիտի փորձէինք սորվիլ, բայց նաեւ տեսնել, թէ մարդկային կեանքը ֆիզիքականէն եւ շօշափելիէն շատ աւելի անդին կ՛անցնի, որովհետեւ կան հոգեւոր, մտաւոր եւ ազգային արժէքներ, որոնք մարդուն կու տան ապրելու ինքնութիւն, եւ որոնք պէտք է իւրացուին եւ կիրարկուին մեր կեանքերուն մէջ: Բայց նաեւ անհրաժեշտ էր այդ ինքնութիւնները` իբրեւ մեր «ունեցածները», ամուր բռնել` որպէս յենարան, որ իւրաքանչիւրիս պիտի տար ապրելու ուղղութիւն եւ կեանքի ոճ:
Երիտասարդական տարիներուս այս բոլորը «հունտեր» էին, որոնք կը սերմանուէին մեր մէջ, բայց` ոչ անպայմանօրէն այդ ժամանակ անդրադառնալու անոնց արժէքին եւ ծիլեր արձակելու տրամադրութեամբ…
Կեանքի փորձառութիւնը, ապրուած փոխյարաբերութիւնները եւ անոնց բովանդակութիւնները տարիներու ընթացքին մէկիկ-մէկիկ պիտի բացայայտէին այդ բոլոր «հունտերը»` որպէս իրական եւ ապրող վկայութիւն: Վկայութիւն մը, որ պիտի դառնար մեր անհատական, բայց նաեւ հաւաքական կեանքերու նկարագիրը` իմա՛ մեր «ունեցածը», որ մեզի համար ինքնութիւն էր եւ արժէք:
Իմ փորձառութիւններուս մէջ կայ իմ ասպարէզային կեանքիս ճամբորդական օրերու ժամանակահատուածը` իր տարբեր դրուագներով:
Յունուար 2015: Քուէյթէն կ’անցնիմ Տուպայ: Նկատի ունենալով, որ Քուէյթ կեցութեան կարգավիճակ ունիմ, մտահոգուած չեմ Տուպայի մուտքի արտօնագիրով.: Կրնամ ստանալ տեղւոյն վրայ` օդակայանէն, բայց այս անգամ կացութիւնը քիչ մը տարբեր էր: Պաշտօնեան գանձեց արտօնագիրին արժէքը եւ անցագիրը առնելով, տարաւ զայն օդակայանի ապահովական գրասենեակ` յաւելեալ ստուգումի համար: Քիչ անց ցոյց տալով քովընտի սենեակը` խնդրեց ինձմէ սպասել այնտեղ:
Մխիթարական էր այն, որ միեւնոյն սենեակին մէջ կային նաեւ մեծ թիւով այլ անձեր, իսկ արաբերէնով եղած խօսակցութիւններէն դժուար չեղաւ կռահել, թէ բոլորս լիբանանցիներ եւ սուրիացիներ էինք:
Նստած էի սենեակին մէջ, բայց մտքով ու հոգիով հոն չէի, գացած էի բաւական հեռուները` մտածելով, թէ ասպարէզիս բերումով աւելի քան 25 տարիներու ընթացքին կատարած բազմաթիւ ճամբորդութիւններուս ընթացքին ասիկա քանիերո՛րդ անգամ էր, որ անցագիրս կ’առնուէր ինձմէ` յաւելեալ ստուգումի համար: Պէյրութ ծնած եմ եւ սիրած եմ զայն ու տակաւին մինչեւ այսօր եւ այդ ալ` շա՛տ: Լիբանան ինծի տուաւ բազմաթիւ արժէքներ, որոնք իմս են, նաեւ հաւաքականօրէն` մեր մայրենիներու այս երկրին: Բայց ինչո՞ւ մեր երկիրը պիտի դառնար տարածաշրջանի ընկերային-քաղաքական «քաշքըշուքներու» խաղաքարտ: Անիկա այնքան «քաշքշուեցաւ» ու` տակաւին, որ թուլցաւ եւ կորսուեցաւ իր/մեր «ունեցածը» այն աստիճան, որ իր(Լիբանանի) ինքնութիւնը ու մեր (իմ) անցագիրները պիտի ուղարկուէին ապահովական գրասենեակ` մեր «(չ)ունեցա՞ծը» ստուգելու համար…:
Մտային «ուղեւորութենէս» իրականութեան վերադառնալով` սկսած էի մտիկ ընել սենեակին մէջի խօսակցութիւնները: Երեւի բոլորին համար նոր փորձառութիւն էր կատարուածը: «Բայց չէ՞ որ բոլորս ալ արաբներ ենք, ինչո՞ւ այս միջոցառումները»: Չափահաս մըն էր խօսողը: «Շատ վարկաբեկիչ է…», ուրիշ երիտասարդ մըն է արտայայտուողը:
Բայց ինծի համար այս բոլորը «հին» փորձառութիւններ էին, զորս շատ անգամ ապրած էի: Բայց նախապէս աւելի դիւրին կ՛ընկալէի այս բոլորը, հիմա արդէն կը դժուարանամ: Հաւանաբար տարի՞քն է ու անոր հետ ձեռք բերուած փորձառութիւննե՞րը:
Մէջս կայ ոտնակոխուած արժանապատուութիւն, բայց նաեւ` զսպուած բարկութիւն, որ ծնունդ կու տայ հարցադրումի մը: «Որպէս լիբանանցի` ինչո՞ւ մեր արժէքը, մեր ունեցածը ամուր չկրցանք բռնել»: Եւ երեւի մինչեւ այսօր շարունակուող իրականութիւն է ասիկա:
Մէկ ժամ ետք ապահովական գրասենեակի պաշտօնեան` ձեռքին մեծաթիւ անցագիրներ, դուրս եկաւ եւ սկսաւ անունները կանչել: Անցագիրին տեսակէն կրցայ տեսնել, թէ իմինիս կը նայէր եւ հայկական անուն ըլլալով` կը փորձէր անունս գէթ հնչել: Կանխեցի զինք եւ վերցնելով անցագիրս մօտեցայ միւս պաշտօնեային, որպէսզի կնքէր մուտքի արտօնագիրը: Պաշտօնեան նայեցաւ անցագիրի տարբեր էջերուն, թէ քանի՛ անգամ Տուպայ մտած եմ եւ զարմանքով հարց տուաւ. «Ինչո՞ւ անցագիրդ ներս տարին, երբ այսքան յաճախ եկած ես մեր երկիրը»:
Բաւականացայ միայն երիտասարդ տղուն աչքերուն նայելով, տրամադրութիւն չունէի խօսակցութեան սկսելու: «Չեմ գիտեր», եղաւ արագ ու կարճ պատասխանս: Բայց իրականութեան մէջ գիտէի: Մեր ունեցածն է, որ ամուր չենք կրցած բռնել:
Յունուար 29, Երեւան, Ծիծեռնակաբերդ: Նախագահ Սերժ Սարգիսեանի կողմէ կարդացուած Ցեղասպանութեան հռչակագիրը իր պետական եւ քաղաքական ռազմավարութեամբ ու համահայկական միացեալ դիրքորոշումով եկաւ ոգեւորելու զիս յունուարէն առաջ ունեցած Տուպայի փորձառութենէս ետք: Այս հռչակագիրի մէջ եւ անոր ընդմէջէն վերապրեցայ իմ «ունեցածս», բայց մանաւանդ ապրեցայ դարձեալ «ունեցածս ամուր բռնելու» գիտակցութիւնը: Մէկ կողմէ հայրենի պետականութիւնը եւ անոր հետ սփիւռքեան ու համահայկական մէկ ու միացեալ դիրքորոշումը, ուր հայը ներկայացաւ որպէս ապրող ինքնութիւն եւ նկարագիր, միւս կողմէ` այն իրականութիւնը, թէ հայը ինչպէ՛ս բացայայտ դարձուց իր արժէքը համահայկական ամբողջական գիտակցութեամբ` հաստատելով, որ «պիտի յիշենք», բայց նաեւ` «պահանջենք»: Ա՛յս է հայուն արժէքը, որ պէտք է ամուր բռնենք:
Յունուար 2015` Տուպայէն մինչեւ Երեւան: Երկու տարբեր փորձառութիւններ, բայց մէկ հասարակ յայտարար եւ մարտահրաւէր` «Ունեցածդ ամուր բռնէ»:
Ծիծեռնակաբերդէն հնչած հռչակագիրը փաստեց, որ հայը «ունեցածը ամուր բռնած է» եւ պիտի շարունակէ այդպէս, որովհետեւ մեր ունեցածը ամուր բռնելով` պիտի հպարտանանք եւ զօրանանք:
Իսկ հայուն հպարտութիւնը եւ զօրութիւնը ազգային ուժ է, որ մեր ունեցածն է, եւ մեր ունեցածը ամուր բռնելով է, որ պիտի շարունակենք ապրիլ:
Ապրիլը` «յիշելով», «պահանջելով», բայց նաեւ… «ապրեցնելով»: