Կլենտէլի քաղաքային խորհուրդի ընտրութիւններուն պիտի մասնակցին 2 հայ թեկնածուներ

Կլենտէլի առանցքային կազմակերպութիւնները բաշխած են իրենց աջակցութիւնները Ապրիլ 7-ին Կլենտէլի քաղաքային խորհուրդի ընտրութիւններու թեկնածուներուն, կը յայտնէ Artsakhpress-ը:

Glendale News Press-ի փոխանցմամբ` Կլենտէլի քաղաքային խորհուրդին համար մրցապայքարին անշարժ գոյքի միջնորդ (broker) Վարդան Ղարպետեան աջակցութիւն ստացած է 11 կազմակերպութիւններու կողմէ, որմէ 4-ը` հայկական: Ատոնց մէջ են Ամերիկայի հայ դատի յանձնախումբի Կլենտէլի եւ Գրեսենթա հովիտի մասնաճիւղերը եւ Հայկական իրաւական խորհուրդը:

Ընտրապայքարին պիտի մասնակցին նաեւ քաղաքային խորհուրդի գործող անդամ, թոշակառու ուսուցչուհի Փոլա Տիւայն եւ առաջին անգամ առաջադրուող թեկնածու Էրիկ Եսայեան` քաղաքային խորհուրդի ծրագրաւորման յանձնաժողովի ներկայիս անդամը: Փոլա Տիւայնի թեկնածութեան աջակցութիւն  յայտնած է 9 ընկերութիւն, իսկ Էրիկ Եսայեան ստացած է 4 խումբի աջակցութիւն:

Scroll Up