Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանի այցը Ախալքալաքի Երիտասարդական Կեդրոն

Մարտ 27-ին Ախալքալաք  այցելած էին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին  նուիրուած յանձնախումբի անդամները: Քաղաքի շրջանային վարչութեան մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ Ախալքալաքի Երիտասարդական Կեդրոնի սաներուն կողմէն յանձնախումբի անդամներուն եւ բոլոր ներկաներուն բաժնուեցան թռուցիկներ`տարբեր բովանդակութիւններով եւ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը խորհրդանշող անմոռուկներով:

Նիստի աւարտէն յետոյ Ախալքալաքի Կրթամշակութային Կեդրոն այցելեց Վիրահայութեան թեմի առաջնորդ Տէր Վազգէն Սրբազան Միրզախանեան եւ Ջաւախքի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդ Հայր Բաբգէն Սալբիյեան: Աղ ու հացով եւ պարային կատարումով դիմաւորելէ յետոյ տեղի ունեցաւ փոքրիկ ցերեկոյթ, որուն ժամանակ Կեդրոնի սաները երգեցին եւ արտասանեցին բանաստեղծութիւններ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան:

Իր ողջոյնի խօսքը ուղղելէ ետք ԱԵԿ-ի տնօրէն Վ. Արաբեան ներկայացուց Կեդրոնի գործունէութիւնը եւ նշեց, որ հայ մանուկին հայեցի դաստիարակելը կեդրոնի կարեւոր նպատակներէն եւ առաքելութիւններէն մէկն է:

Սրբազանը իր շնորհաւորանքի եւ շնորհակալութեան խօսքը յղեց կեդրոնի ուսուցիչներուն, սաներուն ու ծնողներուն` նման գործունէութիւն ծաւալելու եւ յաջողութիւններու հասնելու համար:

Իսկ վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին  քննարկուեցան ներկաները հետաքրքրող եւ յուզող հարցեր` կապուած Ախալքալաքի Հայկական Երիտասարդական Կրթամշակութային Կեդրոնին հետ:

 Այս ամէնուն մասին կը տեղեկանանք akhaltskha.net կայքէն:

ax2

Scroll Up