«Ա. ՊԷ. ՍԷ.»-ի Հայ-Թրքական Միջադէպին Գծով. Դաշնակցական Երիտասարդութիւնն Ու Ուսանողութիւնը Դատական Հայց Պիտի Յարուցեն Պատկան Ատեանին Մօտ

Անցնող չորեքշաբթի, 18 մարտին, Էշրեֆիէի «Ա. Պէ. Սէ.»-ի համալիրին մէջ թրքական ժապաւէնի ցուցադրութեան պահուն, հայ երիտասարդ ցուցարարներու եւ թրքական դեսպանատան ապահովական բաժինի պաշտօնեաներուն միջեւ պատահած միջադէպին գծով, ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը եւ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը որոշեցին դատական հայց յարուցել պատկան ատեաններուն մօտ` տրուած ըլլալով, որ թրքական դեսպանատան ապահովական բաժինի պաշտօնեաները խաղաղ ցոյցով ելոյթ ունեցող հայ երիտասարդները դիմակալած էին բիրտ կերպով` դաշունահարելով ու դանակոծելով երկու դաշնակցական երիտասարդներ:

Այս գծով հրապարակած իր հաղորդագրութեան մէջ, ՀՅԴ-ի երիտասարդական եւ ուսանողական թեւերը հաստատեցին, որ ցոյցին նպատակը «Վերջին նամակ» («Սոն մեքթուփ») ժապաւէնին ցուցադրութիւնը արգիլել չէր, այլ` պատգամ մը փոխանցել Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով:

Յայտնենք, որ երէկ պաշտօնապէս հաղորդուեցաւ, որ հիւսիսային Լիբանանի եւ Սայտայի մէջ առկախուած է «Վերջին նամակ» ժապաւէնին ցուցադրութիւնը:

Այս մասին յայտնած է Ազդակ:

Scroll Up