«Ցեղասպանութիւն, Որ Կր Յաւերժացուի Անտարբերութեամբ. Փարակուէյցի Մտաւորականի Յօդուածը
Փարակուէյցի գրող, պատմաբան եւ ճարտարապետ Խորխէ Ռուպիան անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան թեմային: Ռուպիանի յօդուածը, որ հրապարակուած է Genocidoarmenio պլոկի` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած սպանախօս մտաւորականներու յօդուածաշարին մէջ, armeniangenocide100.org-ը կը ներկայացնէ որոշ կրճատումներով.
Ապրիլ 24-ին կը լրանայ Հայոց հոլոքոստի հարիւրամեայ տարելիցը: 1915 թուականի այդ նոյն օրը թրքական կառավարութիւնը ձերբակալեց հայ համայնքի 235 անդամի: Այն շարունակուեցաւ յաջորդող օրերուն, ամիսներուն ու տարիներուն ընթացքին եւ, տարածուելով հայերու նախնեաց բնակավայրերուն մէջ, ուղեկցուեցաւ ձերբակալութիւններով, հալածանքներով եւ տղամարդոց, կանանց ու երեխաներու սպանութիւններով: Թէեւ նախորդ դարուն թուրքերը արդէն հայ քաղաքացիներուն կոտորածներ իրականացուցած էին, հէնց Ապրիլ 24-ը դարձաւ համակարգուած բնաջնջման սկիզբը, որուն ժամանակ զոհուեցաւ մօտ երկու միլիոն հայ, բռնագրաւուեցաւ եւ իւրացուեցաւ անոնց ունեցուածքը, ոչնչացուեցան հազարամեակներու քաղաքակրթութեան եւ մշակոյթի պատմութիւնը իրենց մէջ կրող հայոց գիւղերը եւ քաղաքները:
Օսմանեան կայսրութեան իրականացուցած վայրագութիւնները որեւէ կապ չունին պատերազմական գործողութիւններուն հետ, որոնք կը նկարագրուին տարբեր աղբիւրներու մէջ եւ որոնց միջով անցած են Ցեղասպանութիւնը վերապրած հայոց Սփիւռքի ներկայացուցիչները:
….Պատմական աղբիւրները ահասարսուռ տեսարաններ կը մերկացնեն. այրող տուներ` բնակիչներուն հետ միասին, բռնաբարուած ու տանջահար կանայք, գետը նետուած երեխաներ: Արեւելեան նահանգներուն մէջ զանգուածային կոտորածները վերապրածները կը մահանային քաղցէն կամ` հիւծուելով աքսորի ճանապարհին: Մեծ թիւով երեխաներու, որոնց թիւը կը հասնի 100 000-ի, բռնի ուժով կը խլէին իրենց ընտանիքներէն, որպէսզի կրթեն թրքական կամ քրտական ընտանիքներուն մէջ` այլ համոզումներով եւ լեզուով:
Դժուար է սառը ակադեմական վերլուծութեան ենթարկել նման երեւոյթ կամ բացատրել գաղափարական նկատառումներով: Հրէշաւոր յանցագործութիւնը, որ կը բնութագրուի աւելի ուշ ի յայտ եկած «ցեղասպանութիւն» եզրոյթով, կը ստիպէ մեզի բախուիլ մարդկային բնածին արատին` արիւնախանձ բռնութիւն այլ մշակոյթի ներկայացուցիչներու նկատմամբ:
Սա երկար ու արիւնոտ ճանապարհ էր մարդկութեան պատմութեան մէջ: Պէտք է յիշել: Զարմանալի է, որ 21-րդ դարուն աշխարհի լռութիւնն ու անտարբերութիւնը կը շարունակէ լռեցնել հայ ժողովուրդի ճիչը: Հնարաւոր է` ատիկա անոնց անարդարութեան պատճառով է, որոնք կը ներգրաւուին խաղաղութեան յանձնաժողովներուն մէջ, մարդու իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւններուն կամ անվտանգութեան միջազգային համաժողովներուն մէջ:
Ա′լ աւելի զարմանալի է, որ բազմաթիւ ժողովրդավար պետութիւններ կը շարունակեն աչք փակել երէկուան բռնութեան ու անարդարութեան վրայ` այսօր կրկին վերահաստատելով աշխարհի մէջ տիրող առեւտրային հաւասարակշռութիւնը: Չար անտարբերութեան սերմերը կրնան անգամ սպառնալիք դառնալ մոլորակի համագոյակցութեան ոգիին:
Սա «չարի անընդունելիութեան» յաւերժական երեւոյթն է, որուն տարածումը անընդմէջ կը խրախուսուի: Չկայ այլեւս արդարութիւն, համերաշխութիւն կամ ճանաչում, առաւել եւս` մեղաւոր պետութիւններու ու խմբաւորումներու դատապարտում կամ պատժում…
Նահատակութենէն հարիւր տարի անց հայ ժողովուրդը կը սպասէ նոյն յոյսով եւ նոյն ցաւով…