ՀՀ Նախագահը դիւանագիտական աստիճաններ շնորհելու մասին հրամանագիր ստորագրած է
ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան Մարտ 2ին դիւանագիտական աստիճաններ շնորհելու մասին հրամանագիր ստորագրած է :
Այս մասին ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի մամլոյ ծառայութենէն, Նախագահի հրամանագիրով Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի դիւանագիտական աստիճան շնորհուած է Ինտոնեզիոյ Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աննա Աղաջանեանին, Արժանթինի Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ալեքսան Յարութիւնեանին, Ղազախստանի Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արա Սահակեանին, Չեխիոյ Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Սէյրանեանին, Վիեթնամի Սոցիալիստական Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռայիսա Վարդանեանին: Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ դեսպանորդ եւ լիազօր նախարարի դիւանագիտական աստիճան շնորհուած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բազմակողմ եւ երկկողմ տնտեսական համագործակցութեան վարչութեան պետի պաշտօնակատար Սաթենիկ Աբգարեանին, Աւստրիոյ Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան արտակարգ դեսպանորդ եւ լիազօր նախարար Աշոտ Ալեքսանեանին, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Պալայեանին, հիւսիս-ատլանտեան պայմանագիրի կազմակերպութեան մէջ (ՆԱԹՕ) Հայաստանի Հանրապետութեան առաքելութեան խորհրդական Սերոբ Պեճանեանին, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բազմակողմ եւ երկկողմ տնտեսական համագործակցութեան վարչութեան երկկողմ տնտեսական յարաբերութիւններու բաժինի վարիչ Աշոտ Գրիգորեանին, Իրաքի Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Կարէն Գրիգորեանին, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի վարչութեան խորհրդական Կարինէ Խուտաւերտեանին, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի վարչութեան Եւրոմիութեան բաժինի խորհրդական Մհեր Մարգարեանին, Յունաստանի Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան արտակարգ դեսպանորդ եւ լիազօր նախարար Մինաս Մարտիկեանին, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի վարչութեան Եւրոխորհուրդի բաժինի վարիչ Նարինէ Նիկոլեանին, Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի օգնական Նաիրի Պետրոսեանին, Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան խորհրդական, Հայաստանի Հանրապետութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Աշոտ Սմբատեանին, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Միխայիլ Վարդանեանին: