Նորջուղայաբնակ Երաժիշտ Համիկ Ալեքսանտրեան Հանդիսատեսի Դատին Յանձնեց Իր Դաշնամուրային Ստեղծագործութիւններու Առաջին Ալպոմը

Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Բաբգէն արք. Չարեանի եւ Կրօնական խորհուրդի հովանաւորութեամբ Փետրուար 20-ին Նոր Ջուղայի Հայ մարզամշակութային «Արարատ» միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժիշտ եւ Սբ. Ամենափրկիչ վանքի «Տաթեւ» երգչախումբի խմբավար Համիկ Ալեքսանտրեանի «Թիթեռնիկներու պարը» դաշնամուրային ստեղծագործութիւններու գիրքի եւ ձայնասկաւառակի համերգ-շնորհանդէսը, այս մասին Իրանէն «Հայերն այսօրին» կը հաղորդէ Երանուշ Թահմազեան:

Համերգին ընթացքին իրանահայ երաժիշտը հանդէս եկաւ «Թիթեռնիկներու պարը», «Մայրիկ», «Կեանքի անցում», «Երազ», «Հայկական պար», «Ծովի զեփիւռ», «Շառաչիւն ալիքներ»,«Արտոյտ», «Նոր Ջուղա», «Յուշեր», «Թանկօ», «Երկնային», «Զայանդեռուդ», «Հայրենիք» եւ «Մանկական եռանդ» ստեղծագործութիւններու կատարմամբ:

Համերգին աւարտին Համիկ Ալեքսանտրեան ելոյթ ունեցաւ շնորհակալական  խօսքով` ուղղուած բոլոր անոնց, որոնց համագործակցութեամբ իրականացաւ համերգը:

Յաջորդիւ Թեմակալ առաջնորդ Սրբազան հայրն իր հայրական օրհնանքի խօսքին մէջ բարձր գնահատելով Համիկ Ալեքսանտրեանի ստեղծագործական աշխատանքը`   շնորհաւորանքի ու գնահատանքի խօսքեր ուղղեց նաեւ համերգ-շնորհահանդէսի առիթով եւ յորդորեց երիտասարդներուն զբաղուելու արուեստով եւ մասնագիտանալու  նաեւ այդ ոլորտին մէջ:

ԻրանԻրան4Իրան1

 Իրան2 Իրան3

Scroll Up