Նեմեսիսի Գործողութիւնը. Հայոց Ցեղասպանութեան Թեմայով Ամերիկացիները Գծագրական Պատմուածք Պիտի Հրատարակեն

Մարդկութեան պատմութիւնը բազմաթիւ մութ խութեր ունի, որոնցմէ մէկը Հայոց ցեղասպանութիւնն է, որուն 100-րդ տարելիցը կը լրանայ այս տարի, կը գրէ comicsbeat.com կայքը` աւելցնելով, որ այս առիթով Ապրիլին պիտի թողարկուի այս նիւթին մասին պատկերազարդ գծագրական պատմուածք մը, կը գրէ Artsakhpress-ը:

«Նեմեսիսի գործողութիւնը. Ցեղասպանութեան ու վրէժի պատմութիւն» խորագիրով պատմուածքը, որուն հեղինակը գծագրեալ պատմուածքներու ամերիկեան Devil’s Due հրատարակչութիւնն է, յատուկ ստեղծուած է Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ:

Պատմուածքի հեղինակ Ճօշ Պլէյլոքլն ու Հոյլ Սիլվան գծագրական պատկերներու միջոցով պիտի ներկայացնեն Սողոմոն Թեհլիրեանի պատմութիւնը: Աղբիւրը կ’աւելցնէ նաեւ, որ ուշագրաւ նախագիծին մէջ ներգրաւուած են բազմաթիւ հայեր: Օրինակ` իբրեւ նախագիծի արտադրողներ հանդէս  եկած են Դաւիթ Գրիգորեան եւ Թոմաս Տարտարեան:

01 04

Scroll Up