Արժանթինի Հայ Համայնքը Ընդդէմ Թրքական Դրուագաշարի
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/02/Binbir-gece-binbir-gece-20984220-2560-1600.jpg)
Լատինական Ամերիկայի մի քանի երկրներու մէջ ամենայայտնի հեռուստաընկերութիւններու prime time-ըն երկար ժամանակ տրամադրած է թրքական «Արաբական գիշեր» դրուագաշարին, որուն հիմքը մէջ արաբական յայտնի «Հազար ու մէկ գիշեր» առասպելն է:
Բացի այն, որ Թուրքիան իր սեփականութիւնը դարձուցած է արաբական ժողովուրդներու առասպէլը, ան նաեւ ծպտեալ քարոզչութիւն կ’իրականացնէ: Ժամանակակից դրուագաշարը կը ներկայացնէ Թուրքիան, «թրքական մշակոյթը», «պատմութիւնը» եւ իբր ներկայի «ժողովրդավարական» կարգերը:
Armenpress-ի փոխանցումով` դրուագաշարի ցուցադրութիւնը յարուցած է Լատինական Ամերիկայի երկրներու մէջ ապրող հայութեան դժգոհութիւնը: «Ասիկա փորձ մըն է ներխուժելու այն երկիրները, ուր հայկական համայնքը հզօր է եւ փորձելու տարատեսակ միջոցներով տեղի հասարակութեան վերաբերումը փոխել դէպի Թուրքիան եւ անոր պատմութիւնը»,¬ ըսուած է Լատինական Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Յանձնախումբը մտահոգիչ կը համարէ հանգամանքը, որ տեղական ամսագրերը, հաղորդումները շատ յաճախ կ’անդրադարնան այդ վիճահարոյց դրուագաշարին եւ կը խեղաթիւրեն իրականութիւնը: Հայ դատի գրասենեակէն դրուագաշարի ցուցադրման առնչութեամբ տարածած են յայտարարութիւն` շեշտելով, որ իրական Թուրքիան այլ է եւ որեւէ առնչութիւն չունի դրուագաշարի բովանդակութեան հետ:
«Իրական Թուրքիոյ մէջ իշխանութիւնը Թաքսիմի հրապարակի մէջ հաւաքուած բազմութեան դէմ կշտամբանք կ’իրականացնէ, իրական Թուրքիան աշխարհի մէջ առաջնակարգ է ձերբակալուած լրագրողներու թիւով, այդ երկրի մէջ փակ են facebook¬ն ու Twitter¬ը, խօսքի ազատութիւնը եւ մարդու իրաւունքը կ’ոտնահարուի: Իրական Թուրքիոյ մէջ այդ երկրի ազգային փոքրամասնութիւնները մշտապէս ճնշուած են»,¬ ըսուած է կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ: Հայ դատէն կը շեշտեն, որ դրուագաշարը արդէն տարակարծութիւններու տեղիք տուած է ոչ միայն հայերու, այլեւ Լատինական Ամերիկայի մէջ ապրող քաղաքացիներու մօտ: Հայ դատի գրասենեակի մէջ համոզուած են, որ դրուագաշարի ցուցադրութիւնն ու թրքական մշակոյթի շուրջ բարձրացուած աղմուկը յատուկ ծրագրուած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներու կողմէն, անոնք ամէն ձեւով կը ցանկան ազդեցութիւն ունենալ Հայոց ցեղասպանութեան 100¬-րդ տարելիցի ձեռնարկներու իրականցկացման վրայ եւ շեղել միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնն այդ ողբերգական թուականէն: Այդ նպատակով նոյնիսկ անոնք զաւեշտալի ձեռնարկ մը կազմակերպել ծրագրած են Ապրիլ 24¬ին տօնելով Գալիպոլի ճակատամարտին տարած յաղթանակի օրը, օր, որ նախորդ 99 տարիներուն երբեք չէ նշուած Ապրիլ 24-ին: Այս առումով ՀՅԴ հայ դատէն կը նշեն, որ ոչ միայն այդ երկրի մէջ ապրող ազգային փոքրամասնութիւններն են Էրտողանի զոհերը, այլեւ ազգութեամբ թուրքերը զոհ կ’երթան այդ քաղաքականութեան: «Բացի ան, որ կը ոտնահարուին այդ երկրի քաղաքացիներու նոյնիսկ տարրական իրաւունքները, անոնք տասնեակ տարիներ զրկուած եղած են սեփական պատմութիւնը իմանալու իրաւունքէն: Հերքելով եւ ժխտելով Հայոց ցեղասպանութիւնը, Թուրքիոյ կառավարութիւնը վնաս կը հասցնէ նաեւ իր ժողովրդին»,¬ կը վստահեցնէ ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակը: Հասկնալով, որ դրուագաշարի ցուցադրութիւնը առաջին հերթին պիզնես ծրագիր է եւ հիմք է տեղական հեռուստաընկերութիւններու եւ մամուլի այդքան ծաւալուն անդրադարձին Թուրքիային եւ անոր կեղծ պատմութեան, Արժանթինի հայ համայնքի կարծիքով դրուագաշարի ցուցադրութիւնը պէտք է դադրեցուի: