Ալեքսանտրիոյ Մէջ Նուպար Փաշայի Արձանը Տեղահանման Վտանգի Առջեւ Կը Գտնուի

Եգիպտոսի լրատուամիջոցներու համաձայն, Ալեքսանտրիոյ մէջ Նուպար փաշայի արձանի պատուանդանին վրայ տեղադրուած է «Գաղտնիքներ պահպանող» անունը կրող արձանը, իսկական արձանը պատուանդանին վրայէն հանած են տեղադրելով զայն «Օփերա Իսքենտերիա» հրապարակին վրայ, առանց պատուանդանին, արձանը կը համարուի 19-րդ դարու արուեստի գլուխգործոցը:
90-ական թուականներուն անհասկնալի պատճառներով Նուպար փաշայի եւ Խտէուի Իսմայիլի արձանները վերցուած են իրենց տեղերէն, եւ երկար տարիներ մնացած են Մահրամ Պեքի քաղաքային Գրադարանի բակին մէջ: Աւելի ուշ արժոյթներու ընկերութիւնը դիմած է Ալեքսանտրիոյ մէջ զբօսաշրջութեան միութեան, արձաններու մետաղներէն օգտուելու համար, պատգամաւոր Տիկ. Ուիտատ Էլ Շելէպին միջամտած է Եգիպտոսի Մշակոյթի նախարարին կասեցնելու այս խայտարակութիւնը եւ վերանորոգելու արձանները, որոնք իսկապէս նորոգուած եւ տեղադրուած են տարբեր տեղեր:
Մշակոյթի միջազգային ընկերակցութեան նախագահ երկրաչափ Եասըր Սէյֆը, հրատապ դիմունագիրով ներկայացած է Ալեքսանտիրոյ մարզպետին խնդրելով արձանները վերադարձնել իրենց արժանի տեղերը, եւ արձանները տեղադրել Եգիպտոսի մէջ զբօսաշրջութեան քարտէզին վրայ, իրենց գեղարուեստական եւ պատմական արժէքներուն համար: