Շարլ Ազնաւուր 2 Համերգ Կ’ունենայ Ռուսաստանի Մէջ

Աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուր կրկին կը վերադառնայ Ռուսաստանի Դաշնութիւն` համերգային ծրագիրով: Ան այս տարի երկու համերգ կ’ունենայ Ռուսաստանի մէջ` Մոսկուայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ: Այս մասին կը յայտնէ Tert.am-ը:

Ինչպէս նշուած է Ազնաւուրի պաշտօնական կայքին մէջ, Ապրիլ 20-ին երգիչը ելոյթ կ’ունենայ Ս. Փեթերսպուրկի «Օկտեապրսկի» համերգային մեծ դահլիճին մէջ, Ապրիլ 22-ին` Մոսկուայի «Կրոկուս Սիթի Հոլ»ին մէջ:

Կը նշուի, որ Ազնաւուր «պիս»-ով հանդէս պիտի գայ Ապրիլ 22-ին «Կրոկուս Սիթի հոլ»ին մէջ` հիացած հանդիսատեսի բազմաթիւ խնդրանքով: Յիշեցնենք, որ աշխարհահռչակ ֆրանսահայ շանսոնյէն համերգով հանդէս եկած էր Մոսկուայի մէջ անցած տարուան Հոկտեմբեր 3-ին:

Ինչպէս նշուած է «Օկտեապրսկի» համերգային մեծ դահլիճի կայքին մէջ` Ազնաւուրը կ’աւարտէ իր համերգային գործունէութիւնը, այդ պատճառով համերգին պիտի հնչեն մայեսթրոյի երգացանկի լաւագոյն ստեղծագործութիւնները:

Scroll Up