Քուէյթի Հայ Լուսաւորիչը

Շքեղութիւններու հանդէպ մեծ սիրով յայտնի աշխարհի ամենահարուստ երկիրներէն մէկը մթնելուն պէս կը լուսաւորուի Նազոյի շնորհիւ: Այս մասին կը գրէ imyerevan.com կայքը:
Քուէյթի յայտնի շինութիւններու եւ մեծահարուստներու առանձնատուներու ամենայայտնի ձեւաւորողներէն մէկը Նազարէթ Մոսիսեանն է: Լուսաւորութեան ձեւաւորողը իր լուսաւորչական գաղափարներով նաւթային գերտերութեան մէջ ծնած ու մեծցած է: Այստեղ ծնիլը բաւական չէ Քուէյթի քաղաքացիութիւն ստանալու համար, ուստի ինքը փաստացի Լիբանանի, իսկ «հոգիով ու սրտով» ՀՀ քաղաքացի է:
«Ընտանիքս Քուէյթ եկած է Լիբանանէն, բայց մենք մեծցած ենք մէկ հայրենիքի գաղափարով: Հայաստանն է մեր հայրենիքը, չնայած այստեղ ծնած եմ: Իրականութեան մէջ Քուէյթը բաւականին փակ երկիր է, բայց հայերս այստեղ առանձնայատուկ տեղ ունինք: Մեր համայնքը Քուէյթի ամենամեծ ու յայտնի քրիստոնեայ համայքներէն է»:
Քուէյթի հայկական համայնքը միակն է, որ ունի եկեղեցի եւ դպրոց, ի հարկէ ըստ Քուէյթի օրէնքներուն, ատոնք չեն կրնար պատկանիլ հայերուն, բայց երկար ժամանակով վարձակալութեան տրուած են: Հայկական վարժարանին մէջ լուսաւորչական գաղափարներով ոգեւորուած Նազարէթը աւարտելէ ետք անցաւ գործի, որպէսզի բառին բուն իմաստով լուսաւորէ քաղաքը:
«Տուպայի մէջ ուսանելէ ետք վերադարձայ այստեղ, սկիզբը ներքին ձեւաւորմամբ կը զբաղէի, բայց կամաց-կամաց սկսայ աշխատիլ լուսաւորութեան ձեւաւորման ոլորտին մէջ: Լոյսերու տարբեր երանգներու միջոցով հնարաւոր է
տրամադրութիւն փոխել: Դասական ջահերէն մինչեւ պարզ լամփեր` ամէն ինչ կրնայ լոյս տալ, բայց լուսաւորութիւն հաղորդելը ուրիշ զգացողութիւն է»:
Քուէյթի հայ լուսաւորիչը կ’աշխատի թէ՛ մեզի յայտնի տեխնոլոկիաներով, թէ՛ նոր հնարքներով: Միջավայրը մաքուր ու շրջակայ միջավայրը չաղտոտող լոյսերը հիմա ամենապահանջուածն են ու նաեւ թանկարժէքը: Չնայած գինի մասին Քուէյթի մէջ չեն անհանգստանար` կարեւորը շքեղութիւնն է:
«Ամենատեսարժան աշխատանքը որ ըրած եմ ատիկա հսկայական լուսային գնդերով լուսաւորուող շէնքի ներքին ձեւաւորումն է: Ատոնք ամրացուած են առաստաղին, տարբեր բարձրութիւններու վրայ ու առանձնայատուկ տրամադրութիւն կը ստեղծեն: Ունիմ նաեւ Արտաքին լուսաւորութեան աշխատանքներ: Այստեղ ես նաեւ կը ներկայացնեմ եւրոպական տարբեր ընկերութիւններ»:
Լուսաւորչական գաղափարներով հիմա Նազոն Քուէյթի միւս հայերուն հետ կը պատրաստուի համայնքային ցուցադրութեան: Յայտնի հեռուստանախագիծերէն մէկով ոգեշնչուած` Արեւելքի ամենայայտնի հայկական համայնքներէն մէկը կը պատրաստուի «Հայերը տաղանդներ ունին»` Armenians got talent շոուին: Առաջին յաջող քայլերը արդէն համացանցի վրայ են: