Սուրիահայերուն Օգնելու Նպատակով Բարեգործական Համերգ Փասատինայի Մէջ

Global Arts Int-ը բարեգործական համերգ կը կազմակերպէ Փասատինայի մէջ, որմէ գոյացած ողջ հասոյթը պիտի փոխանցուի Սուրիահայ բարեգործական հիմնադրամին: Այս մասին կը յայտնէ NEWS.am-ը:

Համագործակցելով SARF-ի` Սուրահայութեան բարեգործական հիմնադրամին հետ, Յունուար 25-ին «Փասատինա Սիթի քոլեճի» համերգասրահին մէջ ազգագրական եւ ժողովրդական երգերու անզուգական կատարումներով հանդէս պիտի գան հայ յայտնի եւ սիրուած երգիչ-երգչուհիներ եւ շոու-պիզնըսի ներկայացուցիչներ` Գոհար Յովհաննիսեանը, Վարդան Պատալեանը,  Էրիկը, Միսթր Իքսը, Նորոն, Յարութ Յակոբեանը, Ռաֆայէլ Երանոսեանը, «Գէւորգեան» պարային ակադեմիան եւ այլն: Երեկոյի հանդիսավարներն են Յակոբ Յակոբեանն ու Արփի Գաբրիէլեանը:

Global Arts Int-ի հիմնադիր Կարպիս Թիթիզեան կը նշէ, որ բոլորիս պարտքն է մեր ուշադրութիւնը սեւեռել Սուրիոյ մէջ ապրող մեր հայրենակիցներու խնդիրներուն: Անոր խօսքով սա իսկապէս   բացառիկ առիթ է  հայկական, ազգային, ժողովրդական երգերու սիրահարներուն համար:

Scroll Up