Պատիւն Արժանաւորաց՝ Համազգայինի «Անի» Պարախումբի Քառասնամեակին Առթիւ
Համազգայինի «Անի» պարախումբի քառասնամեակին նուիրուած պարային համոյթը, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Դեկտեմբեր 13ին, վերածուեցաւ աննախընթաց տօնախմբութեան մը: Արդարեւ, իր պարային համոյթին նուաճած բարձր մակարդակին կողքին, հանդիսատեսներուն առջեւ պարզուեցաւ այլ տեսարան մը. «Անի»ն ի՛ պատուի էր, շնորհիւ իր պարուսոյցներու անհուն սիրոյն եւ խանդաղատանքին, զորս անոնք կը տածէին հանդէպ հայկական պարարուեստին ու հայ ազգային մշակութային արժէքներուն, շնորհիւ քանի մը սրբազան «Խենթ»երու, ինչպէս պիտի խոստովանէր պարուսոյց Եղիա Հաշօլեանը իր խօսքերէն մէկուն ընթացքին:
«Անի» համոյթի հանդիսատեսները, մեծ մասամբ, ուխտագնացութեան նման, գրեթէ ամէն տարի հաւատարմօրէն ներկայ կ՛ըլլան անոր սքանչելի ելոյթներուն, ու իրենց ներկայութեամբ օժանդակութիւն եւ յարգանք կը ցուցաբերեն ո՛չ միայն Համազգայինի «Անի»ին, այլ մանաւա՛նդ հայ ազգային մշակութային ժառանգութեան հանդէպ: Վկա՛յ՝ մնայուն նուիրատուներու անուանացանկը. Վկա՛յ՝ «Անի»ի պարարուեստին հիացողներու ստուար թիւը, որ իր բարոյական նեցուկին կողքին առատաբաշխօրէն նուիրաբերած է «Անի»ին, իսկ «Անի»ն ո՛չ միայն արդարացուցած է անոնց ակնկալութիւնները, այլ բազմապատկուած կերպով վերադարձուցած հայ ազգին՝ միշտ յաւելեալ կատարելագործումով եւ նորարարութեամբ, դասականի եւ արդիականի ընդելուզումներով, ճարտար թատերական խաղերու օգտագործումով, այնպէս, ինչպէս վայելեցինք իրենց բացառիկ ելոյթը այս անգամ եւս, բեմական նոր ջնարակով, պատումի, շարժումի եւ երաժշտութեան միախառնումով, նուաճելով կենդանի պատկերի խօսուն տեսադաշտ մը, ուր հայոց պատմութեան դէպքերն ու պանծալի էջերը ներկայացուեցան ռազմական ու մարտաշունչ ոգիով. ձեւի, շարժումի, տարազներու եւ երաժշտութեան միջոցով ստեղծելով այնպիսի կենդանի պատկերներ, ինչպիսիք էին Սարդարապատի փառապանծ յաղթանակի եւ Արցախի ազատագրական պայքարի պարպատումներն ու «Ռեքուիէմ»ի հրաշալի ներկայացումը:
Գեղարուեստական ըմբոշխնումի ու անխառն վայելքի անմոռանալի այդ պահերը մագնիսացուցած էին ներկաները, որոնք անթարթ աչքերով կը հետեւէին շարժումի եւ երաժշտութեան փոխընկալումով բիւրեղացած արտայայտիչ եւ տպաւորիչ բեմականացման:
Քառասնամեայ մշակութային գործունէութեան գլխաւոր հենքը, անշուշտ, եղած է անկասկած, զոյգ պարուսոյցներու՝ Սիւզի Բարսեղեան-Դարբինեանի եւ Եղիա Հաշօլեանի, անսակարկ նուիրումն ու անսահման զոհողութիւնը եւ այն հաւատքը, որ այս երկրին մէջ հայապահպանման գլխաւոր կռուաններէն մէկը հայ մշակոյթն է՝ իր բազմերանգ երեսներով, իսկ հայ պարարուեստին միջոցաւ կարելի է նաեւ հայ երաժշտութիւն, երգ, խօսք ու անոնց առնչուած աւանդոյթներով հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել նորահաս սերունդին:
Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի իրերայաջորդ Շրջանային վարչութիւնները ո՛չ միայն հովանաւորած են «Անի»ի այս մշակութանուէր առաքելութիւնը, այլ սատարած են անոր ուռճացման. սերնդափոխութեան հետ «Անի»ն կրցած է ինքզինք գերազանցել, առանց դոյզն տուայտանքի, միշտ նո՛ր եւ ոգեւորի՛չ թափով, պատիւ բերելով Համազգայինին, մէկէ աւելի ելոյթներ ունենալով Հայաստան ու Արցախ:
«Անի»ի հիմնադիր ռահվիրաները, յանձինս Եղիա Հաշօլեանի եւ Սիւզի Բարսեղեան-Դարբինեանի, իրենց արդար վաստակին համար քառասնամեայ յոբելենական այս հանդէսին, բազմիցս բեմ հրաւիրուեցան եւ արժանացան պատուոյ շքանշաններու, որոնք նաեւ կը պատկանէին հին թէ նոր բոլոր անդամներուն, վարչական կազմերուն եւ զօրավիգ կանգնած բոլոր նուիրեալներուն:
Այսպէս, Համազգայինի Պատուոյ շքանշան՝ պարուսոյցներ Եղիա Հաշօլեանին եւ Սիւզի Բարսեղեան-Դարբինեանին, ինչպէս նաեւ տարազները ձեւաւորող Ճէյն Հաշօլեանին, առ ի գնահատանք իրենց անձնդիր նուիրումին, Համազգայինի ատենապետ Մանուկ Չուխաճեանի, Անիթա Հաւաթեանի եւ Զուիկ Կէտիկեանի ներկայացուցչութեամբ:
Մանուկ Չուխաճեան, խօսք առնելով՝ «Կոթողական նուաճում» անուանեց «Անի»ի քառասնամեայ երթը, որ այս գաղութին շնորհած է վայելքի հոգեթով պահեր՝ մաղթելով բեղմնաւոր գործունէութիւն մինչեւ ոսկեայ յոբելեան, ապա յուշամետալները յանձնեց օրուան մեծարեալներուն:
Հանդիսավար Նունէ Աւետիսեան ընթերցեց այն շնորհաւորագիրները, որոնք ուղղուած էին յոբելենական այս հանդիսութեան առթիւ, Հայաստանի եւ Արցախի մշակութային նախարարութիւններուն կողմէ, յանձինս Յասմիկ Պօղոսեանի (Հայաստան) եւ Նարինէ Աղապալեանի (Արցախ):
Սփիւռքի նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեան իր բարձր գնահատանքի եւ երախտիքի խօսքերը փոխանցեց տեսաերիզի վրայ պատկերահանուած ձայնագրութեամբ ու պարուսոյցները պատուեց «Կոմիտաս» շքանշանով: Շքանշանի տուչութիւնը ստանձնած էր Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոս Սուրէն Վարդանեանց, որ ընթերցեց եւ յանձնեց անոնց գնահատագիրներն ու յուշամետալները:
«Անի»ի վերջին քսան տարուան ծաղկումին եւ յառաջխաղացքին մէջ իր որոշ դերը ունեցած էր Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ, պարուսոյց Նորայր Մեհրապեանը, որ իր կարգին պատկերահանուած խօսքով գնահատանքի եւ դրուատիքի ուղերձ ուղղեց պարուսոյցներուն՝ զիրենք համարելով մէկական հերոսներ: Այո՛, հերոսութիւն էր լոսանճելըսեան հեւքոտ կենցաղին մէջ, հայ մշակոյթի բագինին խնկարկելու սիրոյն, մեքենայացած աշխատանքային առօրեայէն ետք ֆիզիքական մարզումներ կատարել եւ կաթիլ առ կաթիլ ազգային ոգի եւ հայեցիութիւն ներարկել, յանուն հայապահպանման եւ ազգապահպանման: Ան իր խօսքի աւարտին կրկին պատգամեց մայրենի լեզուն սիրելու եւ հայօրէն ապրելու աւանդի կենսագործման անհրաժեշտութեան մասին:
Քառասնամեակի այս տօնակատարութիւնը իր ներկայութեամբ կը հովանաւորէր Արեւմտեան Ամերիկայի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան: Ան բեմ հրաւիրուելով խօսք առաւ՝ յայտարարելով, որ իր առաջնորդութեան շրջանին ներկայ գտնուած է «Անի»ի բոլոր ելոյթներուն. ան իր կարգին շնորհաւորեց եւ ըստ արժանւոյն գնահատեց Համազգայինն ու «Անի»ն, պարախումբի գլխաւոր կռուանները հանդիսացող պարուսոյցներն ու զգեստաւորումի հեղինակ Ճէյն Հաշօլեանը, որուն ուղղուած գնահատագիր մը յանձնեց իր ամուսնոյն՝ Եղիա Հաշօլեանին:
Ապա, սրբազան հայրը յայտնեց, որ ինք խնդրամատոյց եղած էր Արամ Ա. վեհափառին, յոբելեարները ըստ արժանւոյն գնահատելու եւ պատուելու ազնիւ առաջադրանքով: Վեհափառ հայրապետը ընդառաջելով առաջնորդ սրբազանին՝ հայրական սրբազնագոյն կոնդակով կը յայտնէր իր բարձր գնահատանքը եւ օրհնանքը «Անի»ին։ Ներկաները յոտնկայս հետեւեցան կոնդակի ընթերցման, ապա պարուսոյցներ Եղիա Հաշօլեանն ու Սիւզի Բարսեղեան-Դարբինեանը պատուըւեցան Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով: Արամ Ա. վեհափառին կողմէ օրհնութեան գիրերու եւ շքանշաններու տուչութիւնը կատարեց առաջնորդ սրբազան հայրը:
Տեղին է յիշել, որ առաջնորդին կ՛ընկերանային Ազգային վարչութենէն անդամներ, տէր եւ տիկին Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Օհաննէսեանները, ինչպէս նաեւ պաշտօնական հրաւէրով ներկայ էին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Վահէ Պոզոյեան եւ կինը՝ Լենա Պոզոյեան, Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ Նորա Յովսէփեան եւ Սթիւ Արթինեան: Ներկայ էին նաեւ «Անի» պարախումբէն շրջանաւարտ, վաստակաւոր եւ հիմնադիր անդամներու հոյլ մը, որ բեմ բարձրանալով՝ ելոյթ ունեցաւ կարգ մը պարերով, նոյն խանդ ու եռանդով, ինչպէս իր երբեմնի վաղ երիտասարդական տարիներուն: Անոնցմէ մէկ քանին սրտի խօսքեր արտասանեցին։ Զգալի էր անոնց զօրակցութեան ոգին՝ միշտ «Անի»ին կողքին ըլլալու եւ ամէն գնով սատարելու անոր հեզասահ գործունէութեան:
Պատմական այս օրը անմոռանալի էր նաեւ պարախումբի անձնակազմէն երկու քոյրեր՝ Թինա եւ Թալին Գիզիրեաններուն համար: Անոնք երախտագիտութեամբ եւ յուզիչ բառերով իրենց սրտի խօսքերը արտասանելով՝ հրաժեշտ կու տային «Անի»ին, սակայն իրենք զիրենք անանջատ կը զգային «Անի»էն: Անոնք արժանացան գնահատանքի յուշատախտակներու՝ տասնչորս տարուան իրենց պարային գերազանց մասնակցութեան համար, ձեռամբ Եղիա Հաշօլեանի եւ Սիւզի Բարսեղեան-Դարբինեանի:
Ազգայնաշունչ եւ ոգեշունչ պարային խմբային ելոյթներն ու մենապարերը, գեղագիտական արուեստի մասնագիտական բարձր մակարդակ նուաճած ըլլալու եւ գերագոյն վայելքի պահեր ու ապրումներ փոխանցեցին ներկաներուն:
Հայրենիքէն շատ հեռու, սակայն հայրենիքի սէրն ու լինելութիւնը իրենց հոգիին ու սիրտին մէջ ջերմօրէն կրող պարախումբի անդամները, խոր ապրումներով, յախուռն ու վայելչագեղ շարժուձեւերու տիրապետումով մեզ կը ներշնչեն այն հաւատքը, որ շնորհիւ Եղիա եւ Ճէյն Հաշօլեաններու ու Սիւզի Բարսեղեան-Դարբինեանի նման տաղանդաւոր արուեստագէտներու՝ Հայոց Ցեղասպանութեան շեմին անգամ մը եւս կրնանք հաստատել, թէ Համազգայինի հիմնադիրներէն Լեւոն Շանթն ու Նիկոլ Աղբալեանը օժտուած էին ապագան կանխատեսելու ներքին կարողութեամբ՝ մշակոյթը որպէս փրկութեան լաստ, վահան դաւանելով, ընդդէմ ձուլումի եւ ուծացման:
Փաստօրէն, հայ մշակոյթի ջահակիրները հանդիսացող այս երրեակը Համազգայինի առաքելութեան լաւագոյն մեկնաբաններն էին, արժանի մեծարման՝ հայրենիքի մէջ թէ ի սփիւռս աշխարհի: Ապրի՛ն յաւէտ «Անի»ի մշտարթուն ջահակիրները, որոնք քառասուն տարի պատնէշի վրայ մնացին եւ տակաւին պիտի մնան ու փոթորկեն նորահաս սերունդի հոգիները՝ հայ մշակոյթի անշէջ հուրով եւ մշտարծարծ հաւատքով:
Ուրեմն՝ Արժանաւորաց ՊԱՏԻ՛Ւ:
ԾՈՎԻՆԱՐ ՂԱԶԱՐԵԱՆ-ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
asbarez.com