Հայ Երաժշտութեան Եւ Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին Նուիրուած Համերգ Սան Ֆրանսիսքոյի Մէջ

«Ատըր Մայնտզ» կազմակերպութեան 20ամեակին առիթով, Մարտ 6-8, 2015ին կայանալիք համերգաշարի երրորդ համերգը, որ պիտի կայանայ Մարտ 8ին, կ.ե. ժամը 4էն սկսեալ, նուիրուած պիտի ըլլայ հայ մշակոյթին ու երաժշտութեան, ի յիշատակ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին։

Համերգին ընթացքին պիտի ներկայացուին յօրինող Տիգրան Մանսուրեանի գործերէն նմոյշներ, ինչպէս նաեւ «Ատըր Մայնտզ»ի համահիմնադիր Չարլզ Ամիրխանեանի մէկ ստեղծագործութիւնը։ Ելոյթ պիտի ունենան նաեւ Յասմիկ Պապեան (սոփրանօ) եւ Մովսէս Պօղոսեան (ջութակ)։

Համերգները տեղի պիտի ունենան Սան Ֆրանսիսքոյի «SFJAZZ» կեդրոնը։
Տեղեր ապահովելու համար, ալցելել www.brownpapertickets.com/event/886662 կայքէջը։

Յատուկ զեղչեր պիտի տրամադրուին մինչեւ Դեկտեմբեր 31 տոմսեր ապահովողներուն։

Scroll Up