Freedom House Հայաստանը Համացանցային Ազատ Երկիր Ճանչցած Է

Միջազգային իրաւապաշտպան Freedom House կազմակերպութեան կազմած “Ազատութիւնը համացանցի մէջ” ցանկին համաձայն՝ Հայաստանը ճանչցուած է որպէս ազատ երկիր` ստանալով 29 միաւոր: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես-ը, կազմակերպութեան ցանկին մէջ պետութիւններուն տրուած են 0-100 միաւորներ, ի դէպ 0-30 միաւոր ստացածները համարուած են ազատ, 31-60 միաւորովները` մասնակի ազատ, իսկ 61-100 ստացածները`անազատ համացանց ունեցող երկիրներ:

Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ վերջին տարուան ընթացքին Հայաստանի մէջ աւելցած է համացանցային հասանելիութիւնը` անոր գինի նուազման, ինչպէս նաեւ ցանցային աւելի լայն ծածկոյթի շնորհիւ: Եթէ 2007 թուականին համացանցային ծածկոյթը կը կազմէր 6 տոկոս, ապա արդէն 2011 թուականին ան 32 տոկոս էր, իսկ 2012 թուականի` 39.2 տոկոս: Միաժամանակ դրական գնահատուած են այն, որ կառավարութիւնը հետեւողականօրէն չէ արգելափակած համացանցը օգտատէրերու համար:

Եւրասիական տարածաշրջանին մէջ Հայաստանը համացանցային ազատութեամբ զբաղեցուցած է 3-րդ հորիզոնականը` զիջելով միայն Վրաստանին եւ Ուքրանիոյ, սակայն առաջ անցած է Ռուսաստանէն (54), Թուրքիայէն (49) եւ Ատրպէյճանէն (52):

Ամենաազատ երկիրները համարուած են Իսլանտիան (6), Էսթոնիան (9), Գերմանիան (17), ԱՄՆ-ն (17) եւ Աւստրալիան (18): Համացանցի առումով ամենաանազատները ճանչցուած են`Իրանը (91), Քուպան (86), Չինաստանը (86), Սուրիան (85) եւ Եթովպիան (79):

Scroll Up