ԱՄՆ Քոնկրէսի Մէջ Նշուած է Արցախի Անկախութեան 23-րդ Տարեդարձը

Դեկտեմբեր 2-ին ԱՄՆ Քոնկրէսին մէջ տեղի ունեցած է ԼՂՀ անկախութեան 23-րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկ: Հանդիսաւոր երեկոն կազմակերպած էին Քոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբը, ԱՄՆ-ի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը, Միացեալ Նահանգներու մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութիւնը, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը եւ Ամերիկայի հայկական համագումարը: Այս մասին կը հաղորդէ PanARMENIAN.Net –ը:

Ձեռնարկին մասնակցած են շարք մը քոնկրէսականներ, որոնք իրենց ելոյթներով շնորհաւորած են ԼՂՀ ժողովուրդը եւ ձեռնարկի մասնակիցները, անդրադարձած են պետականաշինութեան, ժողովրդավարական ընթացակարգերուն եւ անկախ պետականութեան կառուցման գործին Արցախի ձեռքբերումներուն:

Քոնկրէսականներու ելոյթներուն մէջ գերակշռած է Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման անհրաժեշտութեան շեշտադրումը:

Ձեռնարկին ելոյթ ունեցած են նաեւ ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Սարգսեանը եւ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցիչ Ռոբերտ Աւետիսեանը: Երեկոյին կը մասնակցէին Ուաշինկթընի եւ մերձակայ նահանգներու հայ համայնքի ներկայացուցիչները:

ԼՂՀ անկախութեան հերթական տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսը Ուաշինկթընի մէջ աշխատանքային այցով գտնուող Արցախի խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեանն էր: Իր ելոյթին մէջ ան մասնաւորապէս ընդգծած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ տեւական խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման միակ ճանապարհը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փաստացի անկախութեան միջազգային ճանաչումն է եւ անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներով զայն օժտելը: Խորհրդարանի նախագահին խօսքերով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լաւ գիտեն ազատութեան եւ զայն պաշտպանելու ելած ժողովուրդի անվտանգութեան ու խաղաղութեան գինը, որուն համար Արցախը ստիպուած է պայքարելու ամէն օր:

Աւելի ուշ ԱՄՆ ԱԳՆ փոխխօսնակ Մարի Հարֆը լրագրողներուն հետ հերթական ճեպազրոյցի մը ընթացքին` պատասխանելով Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան տարեդարձի առիթով հայկական դեսպանութեան եւ ԱՄՆ Քոնկրէսի` Հայկական հարցերով խումբի նախատեսած ընդունելութեան վերաբերեալ հարցումին յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հարցով չէ փոխուած:

“Քոնկրէսը միանշանակ ազատ է նման իրադարձութիւններ ունենալու, մենք որեւէ դիրքորոշում չունինք, թէ ինչ կ՛ընէ Քոնկրէսը այս տեսակի իրադարձութիւններու հետ կապուած, մեր դիրքորոշումը չէ փոխուած”,- ըսած է Հարֆը:

“Մենք կը շարունակենք հաւատարիմ մնալ Ղարաբաղեան խնդրի վերաբերեալ երկարատեւ համաձայնութեան հասնելու յանձնառութեան, եւ ատիկա կ՛ըսենք արդէն երկար ժամանակ”,- ըսած է ան:

Հարֆ ընդգծած է, որ ԱՄՆ-ն որեւէ տեսակէտ չունի իրադարձութեան վերաբերեալ, եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ԱՄՆ դիրքորոշումը չէ փոխուած:

“Երբեմն այն ամէնը, ինչ Քոնկրէսը կ՛ընէ, չի համապատասխաներ մեր դիրքորոշման”,- ըսած է ան:

Բացի վերոնշեալ ձեռնարկէն, Աշոտ Ղուլեան Դեկտեմբեր 2-ին առանձին հանդիպումներ ունեցած է Քոնկրէսի անդամներ Լինտա Սանչեսի, Ատամ Շիֆի,Տէյվիտ Սիսիլինի եւ Քոնկրէսի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էտ Ռոյսի հետ:

Ղուլեան բարձր գնահատած է Քոնկրէսի անդամներու անաչառ եւ համարձակ դիրքորոշումը ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցով, մասնաւորապէս, Յուլիս-Օգոստոս ամիսներուն եւ Նոյեմբեր 12-ին ատրպէյճանական կողմի կազմակերպած սադրանքներուն արագ արձագանգումը եւ դատապարտումը: Հանդիպումներու ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձած են Միացեալ Նահանգներու եւ Արցախի միջեւ յարաբերութիւններու ընդլայնման հեռանկարներուն, կարեւորած է քաղաքական եւ տնտեսական կապերու զարգացումը, ինչպէս նաեւ քննարկած է ընկերային ծրագիրներու իրականացման հնարաւորութիւնները:

Scroll Up