Տինքը Սպաննած Օկիւն Սամասթը Կը Ցանկայ Նոր Ցուցմունք Տալ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/11/01261.jpg)
Հայկական «Ակօս» պարբերականի նախկին խմբագրապետ Հրանդ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամասթը ցանկութիւն յայտնած է նոր վկայութիւն տալու դատարանին մէջ: Այս մասին ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, ըստ «Թարաֆ» պարբերականին:
Լրատուամիջոցը նշած է, որ Սամասթը նամակ գրած է հետաքննութիւն իրականացնող դատախազին եւ յայտնած, որ կը ցանկայ կրկին անգամ ցուցմունք տալ: «Պիտի խօսիմ»,- ըսած է մարդասպանը: