ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Մասնաճիւղի Սկաուտական Վերամուտ

Կիրակի, 2 նոյեմբերի երեկոյեան տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի սկաուտական տարեշրջանի վերամուտի հանդիսութիւնը:

Ժամը 4:00-ին «Աղբալեան,ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտի թրիպիւնը լեցուած էր հոծ բազմութեամբ: Այս անգամ անոնք եկած էին ո՛չ թէ քաջալերելու իրենց նախասիրած Եռագոյն շապիկը կրող պասքեթպոլի տղոց կամ աղջկանց խումբերը, այլ` ՀՄԸՄ-ի ողնասիւնը կազմող սկաուտները: Պէտք է ըսել, որ նախատեսուած էր տողանցք մը ճեմարանէն մինչեւ ակումբ, բայց անձրեւին պատճառով տեղի չունեցաւ: Ժամը 5:00-ին սկսաւ պաշտօնական յայտագիրը` դրօշակի արարողութիւն, երդման արարողութիւն, աստիճանատուչութիւն` ներկայութեամբ Շրջանային խմբապետութեան եւ մասնաճիւղի շեփորախումբին: Ներկաներու լուրջ եւ հետաքրքիր նայուածքները կեդրոնացած էին աւելի քան 234 տարազաւոր սկաուտներու կոկիկ տարազներուն, տիպար կեցուածքին եւ ուղիղ շարքերուն վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակը»:

1102_Antilias-(2)Պաշտօնական արարողութիւններու աւարտին խօսք առաւ խմբապետ Գէորգ Նոխուտեան, որ շեշտեց սկաուտութեան կարեւորութիւնը, հոն տրուած մարզական, ազգային եւ դաստիարակչական գիտելիքները: Ան վստահեցուց, որ մասնաճիւղին կը սպասեն կարեւոր աշխատանքներ 2014-2015 տարեշրջանին ընթացքին, որովհետեւ 2015-ը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման եւ մասնաճիւղին հիմնադրութեան 45-ամեակին կը զուգադիպի: Ապա խօսք առաւ մասնաճիւղի սկաուտական խորհուրդի ատենապետ` Կիրօ Մարտիրոսեան, որ քաջալերեց բոլորը իր զաւակները յանձնելու ՀՄԸՄ-ին, ուր պիտի ստանան այն բոլոր հետաքրքրական բաները, զորս տան եւ դպրոցին մէջ մանուկն ու պատանին պիտի չգտնեն:

Ապա խօսք առաւ Շրջանային ընդհանուր խմբապետ Ժանօ Քէչէճեանը, որ յաջողութիւն մաղթեց մասնաճիւղի սկաուտներուն` իրենց վերամուտին առիթով:

Պաշտօնական հիւրերը եւ ծնողները խանդավառ ծափահարութիւններով ընդունեցին այս բոլոր պատգամները: Հիւրերէն նշենք` Շրջանային սկաուտական Խորհուրդի ներկայացուցիչներ, Շրջանային խմբապետութեան ներկայացուցիչներ, Անթիլիասի քաղաքապետութեան ներկայացուցիչ Հայկ Ոսկերիչեան, Մզհերի քաղաքապետութեան փոխ քաղաքապետ Լեւոն Տէր Սարգսիեան, շրջանի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները, համալիրի տնօրէն խորհուրդի ներկայացուցիչներ:

Տեղի ունեցաւ նաեւ մասնաճիւղի խմբապետութեան կազմակերպած` «Հայ սկաուտներ գնդակի մը շուրջ» ֆութպոլի մարցաշարքին մրցանակաբաշխումը:

Ներկայ էին այլ մասնաճիւղերու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ: Այս աննախընթաց մրցաշարքը աւարտեցաւ նախորդ շաբաթ եւ ստեղծեց սկաուտական եւ մարզական բարձր ոգի:

1102_Antilias-(4)1102_Antilias-(3)

Ապա սկսաւ գեղարուեստական յայտագիրը:

Այս տարի Անթիլիասի մասնաճիւղի սկաուտները իրենց ներկայացումներով մեզ տարին դէպի մեր պապենական հողերը: Մուշէն Տիգրանակերտ, Մուսա լեռէն Զէյթուն… Փոքրերը իրենց համակրելի պարերով եւ բուրգերով, իսկ մեծերը իրենց համաչափ շարժումներով եւ չարքաշ մարզանքներով հանդիսատեսներուն մօտ վերստին թարմացուցին հայկական ազգային գեղարուեստական ներկայացումներու հանդէպ սէրն ու յարգանքը:

«Յայտագիրը աւարտեցաւ երբ սկաուտները հասան Լիբանան եւ հաստատուեցան Անթիլիասի շրջանին մէջ, 45 տարիներ առաջ:

Վերջին պատկերը ընդգրկեց Եղեռնը եւ 100-ամեակը:

Scroll Up