Պարսկահայ Գաղութի Անցեալի Եւ Ներկայի Համառօտ Պատմութիւն

ԹԵՀՐԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍԵՊՈՒՀ ԱՐՔ. ՍԱՐԳՍԵԱՆ կը գրէ.

Ա.- Ներածական

Իրանն ու Հայաստանը հարեւան երկիրներ են եւ մնացած են հարեւան հակառակ աշխարհագրական քարտէզներու անարդար բաժանումներուն, իսկ հայ եւ իրանցի ժողովուրդները, իբրեւ հնդեւրոպական արիական ցեղախումբի պատկանողներ, յարատեւ յարաբերութեան մէջ եղած են իրարու հետ: Այդ յարաբերութիւնները սկսած են դեռ Ք.ա.6-րդ դարէն սկսեալ:

Պատմութիւնը կը վկայէ, որ այդ յարաբերութիւնները ըլլալով հանդերձ բարի դրացիական յարաբերութիւններ, եղած են միաժամանակ թշնամական եւ ոչ բարեկամական, բայց ոչ երբեք թշնամական այն աստիճան որ երկու ժողովուրդները չկարենան իրարու հետ ապրիլ եւ մշակել միաժամանակ լուրջ յարաբերութիւններ ընկերային, տնտեսական, մշակութային, ռազմական եւ քաղաքական բնագաւառներու մէջ:

Պատմական ժայռափոր արձանագրութիւնները կը վկայեն, որ Իրանն ու Հայաստանը պատմութեան որոշ ժամանակաշրջաններուն Դ. եւ Է. դարէն սկսեալ յարատեւ յարաբերութեան մէջ եղած են մերթ իբրեւ դաշնակիցներ եւ մերթ իբրեւ պատերազմողներ եւ այդ յարաբերութիւնները պատճառ եղած են որ հայերը հաստատուին Իրանի տարբեր շրջաններու մէջ:

Բ.- ՀԱՅԵՐԸ ԻՐԱՆԻ Մէջ

Դ. դարէն սկսեալ հայերը կը բնակին Իրանի մէջ՝ կամ բռնի բերուած եւ կամ ալ կամաւորաբար Իրան հաստատուած: 9-րդ դարէն սկսեալ Իրանի որոշ քաղաքներու մէջ կը հանդիպինք հայ գաղթօճախներու իբրեւ արդիւնք Հայաստան ներխուժած սելճուկ-մոնկոլական եւ թուրք պարսկական հարստահարիչներու անընդմէջ յարձակումներու եւ բռնարարքներու:

Տարբեր դարերուն դէպի Իրան գերիվարուած մեծ թիւով գաղթականներու մասին տեղեկութիւններ մեզի հասած են մեր ժամանակակից մատենագիրներու եւ նաեւ օտար աղբիւրներու միջոցով:

Պատմական աղբիւրներու վկայութեամբ սելճուքները 1048 թուականին հիմնայատակ կը կործանեն Արծն պատմական քաղաքը եւ ժողովուրդը կը գերիվարեն Իրան, այս մասին մեզի լաւ տեղեկութիւններ կու տայ Արիստակէս Լաստիվերտացին եւ Մատթէոս Ուռհայեցին:

Իրերայաջորդ աւերիչ արշաւանքները Սելճուքներու եւ անոնց յաջորդող Մոնկոլներու Հայաստանը իր հայաշատ բնակչութեան մեծ մասէն կը զրկեն:

Մոնկոլներու իշխանութեան շրջանին Իրանի մէջ հաստատուելու պատճառներէն մէկն ալ առեւտուրն էր: Հայաստանի մէջ ստեղծուած ծանր պայմանները կը ստիպեն բազմաթիւ հայ առեւտրականներու, արհեստաւորներու տեղափոխուելու եւ հաստատուելու Իրանի մէջ: Այսպէս այս շրջանին կը կազմուին մեծ թիւով գաղթօճախներ Իրանի տարբեր քաղաքներու մէջ ինչպէս Թաւրիզ, Սուլթանիէ, Մարանդ, Խոյ, Սալմաստ, Ռաշդ եւ այլ քաղաքներ:

11 – 12 դարերուն պարսկահայ գաղթօճախներ եղած են ինչպէս տեսանք Ատրպատականի եւ նաեւ Հեր եւ Զարեւանդ եւ Սալմաստ քաղաքներու մէջ եւ այնտեղ ունեցած ենք երկու թեմեր, որոնց թեմակալ առաջնորդները մասնակցած են 1179 թուականին Հռոմկլայի մէջ կայացած եկեղեցական ժողովին: Ըստ Միքայէլ Չամչեանի՝ որ յիշած է այդ ժողովի մասնակիցներու անուանացանկըª Ղազար Եպիսկոպոս Հեր եւ Զարեւանդ գաւառներու առաջնորդն էր իսկ Ստեփանոս Եպիսկոպոսըª Սալմաստի:

Թաւրիզ քաղաքը այդ շրջանին յայտնի կը դառնայ իր հայ բնակչութեամբ: Մարքօ Փոլոն, որ Վենետիկի նշանաւոր ճանապարհորդներէն եղած է, 1271 թուականին եղած է Թաւրիզ եւ իր ուղեգրութեան մէջ կարեւորութեամբ կը յիշէ հայերը: Թաւրիզը կը դառնայ նաեւ հայ գրչութեան կենդրոն, ուր գրուած են բազմաթիւ ձեռագիրներ: Հնագոյն ձեռագիրը գրուած Թաւրիզի մէջ եկած է 1334-էն: Իսկ 1336 թուականին գրուած այլ ձեռագրի մը յիշատակարանէն կ’երեւի որ Թաւրիզը Ատրպատականի հայ Առաքելական թեմի առաջնորդանիստ կենդրոն եղած է:

14-րդ դարուն արդէն կը յիշատակուին կաթոլիկ ու յունադաւան հայեր: Վատիկան Կաթոլիկ քարոզիչներ կ’ուղարկէ պարսկահայ գաղթօճախներ Թաւրիզի, Մարաղայի եւ Սուլթանիէի մէջ, ուր կը կազմուի Եպիսկոպոսական թեմ եւ առաջին առաջնորդը կ’ըլլայ Յովհաննէս Կոր Արքեպիսկոպոսը:

14-15 դարերուն Իրանի մեծ գաղթօճախներէն եղած է նաեւ Սուլթանիէ, որուն բնակիչներու մէկ մասը եկած է Անիէն. այստեղ եղած է նաեւ Մխիթար Անեցի մատենագիրը, որուն չափածոյ մէկ յիշատակարանէն կը տեղեկանանք, որ Սուլթանիէն իր կարգին, անկախ Թաւրիզէն, ունեցած էր իր առաջնորդը: Ատրպատականի հայկական մեծ գաղթօճախներէն եղած են նաեւ Մակուն, Մարաղան, ուրկէ գրուած ձեռագիրներ ունինք:

Ըստ աղբիւրներու՝ բաւական մեծ գաղթօճախ եղած է նաեւ Ուրմիոյ մէջ: Մինչեւ ՍէՖեան հարստութիւնը հայ գաղթօճախները մեծապէս տուժած են եւ աննկարագրելի տառապանքներու եւ կողոպուտի ենթարկուած են, յատկապէս  Լենկ Թեմուրի իրերայաջորդ արշաւանքներու ընթացքին:

Դարձեալ ըստ աղբիւրներու եւ արձանագրութիւններու Շահաբասի բռնագաղթէն առաջ Սպահանի մէջ եղած է փոքր հայ գաղթօճախ մը ինչպէս կը յիշէ Յարութիւն Թ. Տէր Յովհանեանը իր Պատմութեան Նոր Ջուղայի արժէքաւոր գիրքի մէջ:

Գ.- ՇԱՀԱԲԱՍԻ ԲՌՆԱԳԱՂԹԸ

Իրանի մէջ հայութեան ստուար մէկ մասը կը հաստատուի անշուշտ Շահաբասի բռնագաղթին հետեւանքով: Բռնագաղթ, որուն զոհ կ’երթան աւելի քան հարիւր հազար հայեր եւ մնացեալ երեք հարիւր հազարը անպատմելի դժուարութիւններով Արաքս գետը անցնելով մէկ մասը կը հաստատուի Թաւրիզի եւ շրջակայքի մէջ, մէկ մասն ալ այլ քաղաքներու մէջ, ինչպէս Քաշան, Ղազուին, Գիլան, Անզալի իսկ գաղթականութեան մեծ մասը կը տեղափոխուի Սպահան եւ անոր շրջակայքը:

1603-4-ին իրականացուած բռնագաղթէն մեծապէս տուժեց Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը:

Առաքէլ Դաւրիժեցին կ’ըսէ Շահաբաս գիւղերէն քշուած գաղթականները կը բնակեցնէ ՙ Ի Լնջան եւ յ Ալնջան, ի Գանդիման եւ ի Ջղախոռ, ի Փարիայ եւ ի Բուրվարի՚: Գաղթականներէն 500 տուն կը հաստատուին Շիրազի, իսկ Երեւանի ու Արեւելեան Հայաստանի քաղաքաբնակ կամ աւանաբնակ գաղթականները կը հաստատուին Սպահանի մօտիկ դաշտավայրի մը մէջ, որ շուտով պիտի վերածուէր մեծ քաղաքի մը Նոր Ջուղա անունով:

Շահաբաս իր բերած գաղթականները կը փորձէ ամէն ձեւի դիւրութիւններ եւ նպաստաւոր պայմաններ ստեղծել որպէսզի կապուին երկրին, հողին եւ չմտածեն այլեւս հայրենիք վերադառնալու մասին:

Հայերը Սպահանի հարեւանութեան մէջ կը կառուցեն նոր քաղաք մը ինչպէս վերը նշեցինք՝ եւ Նոր Ջուղա անունը կու տան անոր: Նոր Ջուղան շուտով թեմի կը կը վերածուի եւ կը դառնայ հայ մշակոյթի գլխաւոր կենդրոններէն մէկը, կ’ունենայ իր տպարանը, հոգեւոր դպրոցը, եկեղեցիներն ու վանքը: Թեմին ենթակայ շրջաններն են Շիրազը, Թեհրանը, Համադանն ու Ռաշդը, Անզալին, Քաշանը, Ղազուինը, Պասրան եւ Պաղտատը:

17-18 դարերուն պարսկահայ մշակոյթի ամենէն խոշոր օճախներէն եղած է Նոր Ջուղան, ուր մեծ թիւով արհեստաւորներ, առեւտրականներ, մտաւորականներ, նշանաւոր առաջնորդներ, ինչպէս Խաչատուր Վարդապետ Կեսարացի, որ կը հիմնէ բարձրագոյն դպրոց մը, որ յաճախ կոչուած է համալսարան կամ ճեմարան: Կեսարացիի ջանքերով կը հիմնուի տպարան, որ առաջինն կ’ըլլայ ոչ միայն Իրանի այլեւ ողջ Արեւելքի մէջ: Նորաբաց տպարանի մէջ առաջին գիրքըª ՛՛Ուրբաթագիրք՛՛-ը կը հրատարակուի շնորհիւ Խաչատուր Վարդապետ Կեսարացիի: Պարսկահայ որմնանկարչութեան եւ մանրանկարչութեան հանճարեղ դէմքերէն կարելի է թուել Մինաս Ծաղկող, Յովհաննէս Մրքուզ, Յակոբ Ջուղայեցի, նկարչութեան լաւագոյն ներկայացուցիչներէն է Բոգդան Մալթանովը:

Պարսկահայ գաղութը տուած է նաեւ Առաքել Դավրիժեցիի նման նշանաւոր մատենագիրներ, ինչպէս Խաչատուր Ջուղայեցի, Քուչուկ Յարութիւն եւ ուրիշներ: Պարսկահայ գաղութը, յատկապէս Նոր Ջուղան, ունեցած է նաեւ տաղերգուներ, գուսաններ, բանաստեղծներ եւ աշուղներ: Նոր Ջուղայի Փերիայի գաւառի գիւղաբնակ հայերը եւս զարկ տուած են մշակոյթին եւ ունեցած են գրողներ, աշուղներ եւ զանազան բնագաւառներու մէջ յայտնի մարդիկ:

18 – 19 դարերուն Իրանի մէջ հաստատուած հայութեան վիճակը նախանձելի չէ եղած. պետական հարկահաւաքները, աւատապետներն ու անոնց արբանեակները անընդհատ կողուպուտի եւ հարկեր հաւաքելու ընթացքի մէջ եղած են. ժամանակ մը երբ կողոպուտն ու նեղութիւնները այնքան յաճախակի ու ծանր կ’ըլլան, որ շատեր կը ստիպուին լքել երկիրը եւ երթալ դէպի Հնդկաստան, Ռուսիա եւ այլ երկիրներ: Խաչատուր Ջուղայեցին իր Պատմութիւն Պարսից գիրքի մէջ ափսոսանքով կը յիշէ թէ ինչպէս ժողովուրդը փախուստ կու տայ դէպի Հնդկաստան, Ռուսիա եւ աշխարհի այլ վայրեր:

Իրանի մէջ տեղի ունեցող իրերայաջորդ իշխանութիւնները դժբախտաբար չեն կրնար խաղաղութիւն ապահովել եւ անոր համար անիշխանութենէն կ’օգտուին շրջանի աղաներն ու խաները եւ անպատմելի դժուարութիւններու եւ հալածանքներու կ’ենթարկեն հայերը:

Դ. ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ Ա. ՊԱՏԵՐԱԶՄՆ ՈՒ ԻՐԱՆԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Համաշխարհային առաջին պատերազմի նախօրեակին ծանր վիճակ կը տիրէր նաեւ Իրանի մէջ: Օսմանեան Թուրքիան իր համաթուրանական Սադայէլական ծրագիրը կ’իրագործէ իր բնիկ եւ հարազատ ժողովուրդէն պարպելով Արեւմտահայաստանը: Գաղթականներու կարավանները իրար ետեւէն կը քշուին Սուրիոյ եւ միջագետքի անծայրածիր անապատները եւ բախտաւորները միայն ողջ կը հասնին Տէր Զօր վերջին կայքը գաղթականութեան:

Ցեղասպան թուրքը իր կայսրութեան արեւելեան սահմաններու մէջ օգտուելով պարսկական պետութեան տկարութենէն իր զօրքերով կը ներխուժէ Ատրպատական նահանգը եւ կը կոտորէ Մակուի հայաբնակ երեք գիւղերու բնակչութիւնը ինչպէս նաեւ Խոյի ու Սալմաստի եւ Ուրմիոյ ու շրջակայքի հայութիւնը: Միւս կողմէն Վանի եւ Աղբակի հայութեան այն զանգուածը որ կոտորածէն ազատած Սալմաստ եւ Ուրմիա ապաստանած էր, (Վանէն 12000, Աղբակէն 2000) կ’անցնի Իրաք Բակուբա Պաղտատի մօտակայքը եւ այնտեղ կը հաստատուին եւ ապա կ’անցնին Պաղտատ, Պասրա եւ այլ քաղաքներ:

Ցեղասպանութենէն մազապուրց ազատած հայու բեկորներ կը հաստատուին Իրանի տարբեր քաղաքներու մէջ եւ նոր կեանք կը վերսկսի:

Ե.- ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԸ ՊԱՐՍԿԱՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

Իրանի մէջ հաստատւած հայութիւնը կ’ունենայ իր դպրոցներն ու եկեղեցիները, մշակութային կեանքը եւ ինչու չէ նաեւ՝ քաղաքական ներկայացուցիչներ, որոնք մեծ ծառայութիւն կը մատուցեն պետութեան: Յիշատակութեան արժանի է Մելքոն Խանը, Յովհաննէս Խան Մասեհեանը, որ նաեւ թարգմանիչը եղած  է Շէյքսպիրի եւ առաջին հայ դեսպանը Անգլիոյ մէջ:

20-րդ դարու առաջին տասամեակներուն Իրանի մէջ տեղի ունեցող սահմանադրական յեղափոխականներու եւ սահմանադրական կարգերու հաստատման գործին մէջ մեծ դեր ունեցած է Եփրեմ Խանը իր մարտիկներով:

Այսօր Իրանի մէջ ունինք երեք թեմեր իրենց առաջնորդներով, դպրոցներով եւ մշակութային, մարզական, ընկերային միութիւններով: Դժբախտաբար այս օրերուն հայութեան թիւը կը նուազի արտագաղթի պատճառով: Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու՝ տակաւին հայութեան թիւը Պարսկաստանի մէջ կը հասնի շուրջ 80 հազարի, որմէ 70 հազարը Թեհրանի մէջ:

Պարսկահայ գաղութները ունեցած են իրենց շարք մը թերթերն ու ամսագրերը, հնագոյն թերթերը եղած են “Համայնք” (1880 Ռաշդում), “Շարժում” (1894 Թեհրան), “Աստղ Արեւելեան” (Թեհրան 1896), “Գործ”, “Ազդարար” շաբաթաթերթը 1903 եւ 1904 Թաւրիզի մէջ, այս շրջանին բազմաթիւ այլ թերթեր, շաբաթաթերթեր հրատարակուած են:

Այսօր Թեհրանի մէջ կը հրատարակուի “Ալիք” օրաթերթը, որ աւելի քան 83 տարուան կեանք ունի, “Յոյս” երկշաբաթաթերթը, “Լոյս” եւ “Արաքս” ամսագրերը, “Պայման” պարսկերէն եռամսեայ թերթը, Ջուղան եւ Թաւրիզը եւս ունին իրենց ամսական տեղեկատուները:

Գալով Իրանահայ Կրթական կեանքին, Թեհրանի մէջ կը գործեն 16 դպրոցներ եւ չորս մանկապարտէզներ, Թաւրիզի եւ Ուրմիոյ մէջ ունինք մէկական դպրոց, Ջուղայի եւ Շահինշահրի մէջ ունինք 4 դպրոցներ եւ մանկապարտէզներ, իսկ մշակութային բնագաւառէն ներս ունինք մշակութային, մարզական եւ ընկերային միութիւններ, իրենց հարիւրաւոր անդամներով եւ մշակութային, արուեստի ու մարզակն կեանքով ու գործունէութեամբ:

Իրանի ողջ տարածքին ունինք աւելի քան 300 եկեղեցիներ, որոնք մեծ մասամբ աւերակ կամ կիսաւէր վիճակի մէջ են, կան նաեւ կանգուն մնացած եւ նոր կառուցուած եկեղեցիներ, որոնք կը գործեն եւ հոգեւոր սնունդ կը մատակարարեն: Իրանի տարածքին են Ս. Թադէի, Ստեփանոսի եւ Ծործորի ու Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքն ու Ջուղայի 17-րդ դարուն կառուցուած եկեղեցիները:

Ս. Թադէի վանքը դարերով եղած էր շրջանի եկեղեցական եւ ազգային կեանքի կեդրոնը: Դժբախտաբար այսօր այդ ամբողջ շրջանը հայաթափուած է: Ամէն տարի հազարաւոր հայորդիներ ուխտի կ’երթան Ս. Թադէ: Ամենամեայ այս ուխտագնացութիւնը մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծէ մեր ժողովուրդի մէջ:

Ինչպէս կ’երեւի Իրանահայ գաղութը կու գայ պատմութեան խորքէն եւ շնորհիւ իր հաւատքի ու ապրելու զօրաւոր կամքի բազմատեսակ դժուարութիւններու մէջէն անցաւ սակայն չյուսահատեցաւ: Ինքն ալ իր կարգին զոհը եղաւ Ցեղասպանութեան:

Հազարաւոր տարիներու իր կեանքով պարսկահայ գաղութը հակառակ անտանելի նեղութիւններու եւ չարչարանքներու կրցաւ գոյատեւել պահելով իր ինքնուրոյն լեզուն, մշակոյթն ու քրիստոնէական հաւատքը: Դիւրին չէ եղած իսլամական ծով ովկիանոսին մէջ տէր կանգնիլ իր քրիստոնէական եւ ազգային նկարագրին եւ առանձնայատկութիւններուն:

Այսօր եւս Իրանահայ գաղութը հաւատարիմ իր պատմութեան, մշակոյթին ու քրիստոնէական հաւատքին կ’ապրի ու կը ստեղծագործէ: Երկխօսութեամբ եւ համատեղ կեցութեամբ կ’ապրի իր շրջապատի մէջ եւ շրջապատի հետ: Ազատ ու անկախ հայրենիքը նոր աւիշով ու եռանդով ուժեղացուց հայը որ հաւատարիմ մնալով հանդերձ իր ծննդավայր հայրենիքին Իրանին իր կեանքը կ’իմաստաւուի եւ կը ծաղկի իր ազատ ու անկախ հայրենիքի հետ ունեցած  ամենօրեայ մշակութային, տնտեսական, ընկերային, մարզական եւ արւեստի անքակտելի կապերով:

 15 Օգոստոս 2014

 Թեհրան

Scroll Up