«Thank you, հայրիկ» Ֆիլմը Պիտի Ներկայացուի Լոս Անճելեսի Մէջ


Global arts international-ը Նոյեմբեր 21-ին Լոս Անճելեսի մէջ կը կազմակերպէ «Thank you, հայրիկէ» ֆիլմի ամերիկեան առաջին ցուցադրումը: Այս մասին կը յայտնէ «Արմենպրես»-ի փոխանցմամբ` նոյն օրը ընկերութեան նախաձեռնութեամբ պիտի նշուի ՀՀ վաստակաւոր արտիստ միքայէլ Պօղոսեանի 60-ամեակը,


թէեւ վերջինս տօնը նշած է ընթացիկ տարուան Մայիս 31-ին: Նախքան ամերիկեան առաջին ցուցադրութիւնը` «Thank you, հայրիկ» ֆիլմը գնահատած է ոչ միայն երեւանաբնակ հանդիսատեսը, այլեւ ռուսաստանեան «պատուհան դէպի Եւրոպա» ֆիլմի փառատօնի ժիւրին: «Thank you, հայրիկ»-ը ճանչցուած է համատեղ արտադրութեան լաւագոյն ֆիլմ եւ արժանացած է ֆիլմի փառատօնի գլխաւոր մրցանակին:


Վերադարձ դէպի արմատներ եւ ազգային ինքնութեան բացայայտում. այս գաղափարները կ’արծարծէ «Thank you, հայրիկ» ֆիլմը:


Ֆիլմի բեմադրիչն է Հրաչ Քեշիշեանը, սենարի հեղինակները Միքայէլ Պօղոսեան եւ Վիգէն Ստեփանեան, կառավարիչը` Արթուր Ղարայեան: Ֆիլմի մէջ նկարահանուած է ԱՄՆ-էն, իտալական ծագում դերասանուհի Քրիստա Դոնարգօ: Դերերակատարն են՝ Միքայէլ Պօղոսեան, Վիգէն Ստեփանեան, Լուիզա Ղամբարեան եւ այլք: Ֆիլմը արտադրած են Team Production-ը, Mars Media Entertainment-ը եւ «Հայաստանի ազգային կինոկենտրոն»-ը:

Scroll Up