Վանի Հայկական Հանրայայտ Ջրաղացները` Ոչնչացման Եզրին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/11/0132.jpg)
Ներկայիս Թուրքիոյ Վան նահանգի Կիւրփընար (Երուանդունիք) գաւառը նշանաւոր է ինչպէս Վանայ բերդով, Հայկաբերդով, այնպէս ալ 40 ջրաղացով, սակայն մօտաւորապէս 3 տարի է, որ պատմական ջրաղացները ոչնչացման եզրին են, կը գրէ artsakhpress.am-ը:
Allturkey.am թրքագիտական փորձագէտը կը յայտնէ, որ հայերու կառուցած 40 ջրաղացը քանի մը մեթր հեռաւորութեամբ կանգնած են կողք կողքի: Մինչեւ 2010 թուական գործող 15 ջրաղացի աշխատանքը վերջին 3 տարուան ընթացքին դադրեցուած է: Որոշ ջրաղացներ վերածուած են տուներու, իսկ մնացածներն ալ աւերուած ու լքուած վիճակի մէջ են:
Ջրաղացները ժամանակին կառուցած ու տնօրինած են հայերը: Անուանումները անգամ հայկական են: Այս վայրերէն հայերու հեռանալուն հետեւանքով գիւղացիները տիրած են ատոնց: Վերջին երկու տարուան ընթացքին փակուած են վերջին ջրաղացներն ու վերածուած աւերակներու:
Ջրաղացները փակելու պատճառներէն մէկն ալ 90-ականերու գաղթն է, որուն հետեւանքով գիւղերը դատարկուած են, այս կառոյցներն ալ աւրուած: Իսկ միւս պատճառն այն է, որ դադրեցուած է ջրաղացներու աշխատանքը ապահովող ջուրի մատակարարումը:
Գիւղացիներէն մէկը` Մուսթաֆա Կիւլը, դատական հայց ներկայացուցած է ընդդէմ թրքական ջրմուղի, քանի որ պետական ընկերութիւնը դադրեցուցած է ջուրի մատակարարումը, որուն պատճառով ջրաղացները շարքէն դուրս եկած են: Սակայն դատական գործը արդիւնք չէ տուած: