Նախագահն Ընդունած Է Մեծ Բրիտանիոյ Եւրոպայի Հարցերով Պետական Նախարար Տէյվըտ Լիտինկթընը
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Մեծ Բրիտանիայի եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան Եւրոպայի հարցերով պետական նախարար Տէյվըտ Լիտինկթընը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի մամլոյ ծառայութենէն:
Հանդիպման զրուցակիցները քննարկած են հայ-բրիտանական յարաբերութիւններու օրակարգը` ընդգծելով, որ երկկողմ քաղաքական շփումները վերջին շրջանին աշխուժացած են: Սերժ Սարգսեան եւ Տէյվըտ Լիտինկթըն յոյս յայտնած են, որ ատոնք շարունակական պիտի ըլլան, եւ հայ-բրիտանական համագործակցութիւնը պիտի զարգանայ ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ բազմակողմ ձեւաչափերով:
Հանրապետութեան Նախագահը եւ Միացեալ Թագաւորութեան Եւրոպայի հարցերով նախարարն անդրադարձած են նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրէն ներս ԼՂ հիմնախնդիրի կարգաւորման բանակցային գործընթացի վերջին զարգացումներուն ու հեռանկարներուն` այդ ծիրին մէջ քննարկելով վերջերս Ուելսի եւ Փարիզի մէջ կայացած գագաթնաժողովներու արդիւնքները:
ՀՀ Նախագահը եւ պետական նախարար Լիտինկթընը միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանի
խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու շուրջ, խօսած Եւրասիական տնտեսական
միութեան Հայաստանի միանալէն ետք Հայաստան-Եւրոմիութիւն
յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներուն մասին: