Ջաւախքի Օժանդակութեան Հիմնադրամը Կ’աջակցի Բազմազաւակ Ընտանիքներուն

Հոկտեմբեր 30-ին Ջաւախքի օժանդակութեան հիմնադրամը հերթական օժանդակութիւնը ցուցաբերեց այս տարի երրորդ եւ աւելի երեխայ ունեցած ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ վեցէն աւելի երեխայ ունեցող ընտանիքներուն: Այս անգամ աջակցութիւն ստացող ընտանիքները եօթն էին: Այս մասին կը յայտնէ akhaltskha.net-ը:
Գումարի փոխանցման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ախալցխայի հայկական երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնի գրասենեակին մէջ: Արարողութեան ներկայ էր Ջաւախքի աջակցութեան հիմնադրամի հիմնադիր, գործարար եւ բարերար Սօս Սահակեան:
Բարերար Սօս Սահակեան շնորհաւորեց նորածին երեխաներու ծնողները եւ ՋԱՀ-ի Ախալցխայի բաժինի պատասխանատուի հետ գումարները փոխանցեց ընտանիքներուն: Անոր խօսքերով` հիմնադրամի գլխաւոր ծրագիրներէն է ծնելիութեան օժանդակութեան ծրագիրը: Անոնք նաեւ կը ցանկան աջակցիլ Սամցխէ-Ջաւախքի մէջ մշակոյթի եւ արուեստի զարգացման ու պահպանման:
ՋԱՀ-ի Ախալցխայի պատասխանատու Էդուարդ Այվազեանի խօսքերով` Ջաւախքի աջակցութեան հիմնադրամը բաւականին երիտասարդ կառոյց է եւ ունի ընդամէնը մէկ տարուան պատմութիւն, սակայն այս մէկ տարուան ընթացքին կազմակերպութիւնը կատարած է մեծ գործ յատկապէս Ջաւախքի մէջ ծնելիութեան խրախուսման գործին մէջ: Կան նաեւ շատ մեծ յոյսեր, որ ՋԱՀ-ը, աւելի հզօրանալով, պիտի նպաստէ տարածաշրջանի մշակութային, հոգեւոր եւ կրթական ոլորտներու զարգացման:
Բարերար Սօս Սահակեան ծանօթացաւ նաեւ Ախալցխայի հայկական երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնի բարեկարգման, եւ նկուղային յարկի վերանորոգման աշխատանքներուն օժանդակելու համար կատարեց նիւթական նուիրատուութիւն:
ՋԱՀ-ի` ծնելիութեան օժանդակութեան ծրագիրի յաջորդ մասը տեղի ունեցաւ Ախալքալաքի եւ Նինոծմինդայի մէջ, ուր բազմազաւակ ընտանիքներու եւ նորածին երեխաներու ծնողները հիմնադրամին կողմէն ստացան նիւթական օժանդակութիւն: