Արեւմտեան Թեմի Եւ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդները Այցելեցին Ազգ. Ֆերահեան Վարժարան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/10/1018ferahian-300x225.jpg)
Յատուկ առաքելութեամբ մեր թեմը այցելող Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, օրերս, Թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հետ այցելեց Ազգային Ֆերահեան վարժարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ վարժարանի տնօրէնութէան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան հետ:
Ներկայ էին Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան, Ազգային վարչութեան, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, ՀՅԴ մարմիններու եւ քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ։
Առաջնորդ հայրերը դիմաւորեցին 6րդ դասարանի աշակերտները եւ մէկ առ մէկ անոնց աջը համբուրելով՝ ուղղուեցան դէպի իրենց աթոռները: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի հայերէնի ուսուցչուհի Թալին Գէորգ Ճանեցեան, որ վարժարանին անունով բարի գալուստ մաղթելէ ետք օրուան հիւրերուն եւ ներկաներուն՝ հակիրճ ձեւով ներկայացուց հիւր առաջնորդը եւ անոր այցելութեան նպատակներուն մասին խօսեցաւ՝ ըսելով. «Սրբազան հայրը իր այցելութեամբ մեզի կը պարգեւէ յատուկ խորհուրդ մը՝ փոխանցելով իր հայրական պատգամներն ու օրհնութիւնները»: Ան աւելցուց. «Վարժարանը այս տարի ձեռնարկած է նոր դրամահաւաքի մը, որուն նպատակն է դպրոցէ դպրոց օժանդակել Սուրիոյ հայ աշակերտութեան եւ դպրոցներուն»:
Բացման խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն մասնակցեցան վարժարանի 7րդ կարգէն Նանօր Սէրայտարեան, որ ջութակով նուագեց «Կռունկ»ը, 10րդ կարգէն Նարեկ Գույումճեան՝ Սեւան Հանէշեան-Պետրոսեանի «Ես Զաւակն Եմ Քու Հողիդ» քերթուածի ասմունքով, իսկ 6րդ կարգի աշակերտները «Յաղթանակ» պարով ոգեւորեցին մթնոլորտը եւ վերջապէս 6րդ կարգէն Արազ Պալեան, Լորի Կարավարդանեան, Բալիկ Քէշիշեան եւ Երանիկ Պասթիլեան ասմունքեցին Համաստեղի «Հայու Ոգին»: Ապա, բեմ բարձրացաւ վարժարանի տնօրէն Ժան Գոսագեան:
Ան, աշակերտութեան անունով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր այցելութեան համար, որ առիթ մըն է աշակերտութիւնը մօտէն ծանօթացնելու Հալէպի ներկայ հայկական դպրոցներու իրավիճակին: Խօսելով պատմութենէն եւ հալէպահայութեան կարեւորութենէն՝ ան անգամ մը եւս աշակերտութեան յիշեցուց 1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որուն հետեւանքով, Կիլիկիայէն եւ Արեւմտեան Հայաստանէն տեղահանութեան ենթարկուած մեր նախահայրերուն մեծ մասը ջարդուեցաւ, իսկ մնացեալները հասան Տէր Զօր, որմէ ետք՝ ապաստան գտան Սուրիոյ հիւսիւսը գտնուող քաղաքներու մէջ: Ան նշեց նաեւ, որ «Հիւսիւսային Սուրիան Սփիւռքի առաջին կարեւոր հաւաքավայրն է, ուր հայ ժողովուրդը հաւաքուեցաւ Հալէպէն մինչեւ Արաբունար, Հասիչէ, Գամիշլի եւ շրջակայքը գտնուող տարբեր գիւղերու եւ աւաններու մէջ»:
Սրահը խոր լռութեան մէջ էր եւ կը զգացուէր բոլորին յուզմունքը: Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, նկատելով սրահին մէջ ստեղծուած մթնոլորտը՝ ըսաւ. «Սրահին մէջ տիրող յուզմունքը, մեր սրտակցութեան, մեր ազգակցութեան եւ մեր հարազատութեան արտայայտութիւնն է, հանդէպ՝ սուրիահայ մեր գաղութին», ապա խնդրեց աշակերտներէն, որ զօրաւոր ծափահարութեամբ մը զօրակցութիւն յայտնեն սուրիահայ գաղութին: Իր խօսքի աւարտին, սրբազան հայրը առաջնորդարանին կողմէ յուշանուէր մը փոխանցեց վարժարանին:
Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, ողջունելէ ետք ներկաները՝ բարձր գնահատեց ազգային վարժարանի կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը եւ ըսաւ. «Վարժարանը շատ կարեւոր դեր ունի հայկական կրթութիւնը եւ դաստիարակութիւնը շարունակելու եւ զօրացնելու դժուարին գործին մէջ»: Ան տխրութեամբ խօսեցաւ Հալէպի ներկայ հայկական վարժարաններու իրավիճակի մասին եւ իր խօսքը աշակերտներուն ուղղելով՝ յանձնարարեց, որ անոնք բարձր գնահատեն իրենց ունեցած առաւելութիւնները Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Ան նաեւ աշակերտները յորդորեց ըսելով, որ իրենց ունեցած այդ առաւելութիւններէն գոնէ մէկ հատը պահելով՝ օգնութեան ձեռք երկարեն Սուրիոյ քաղաքական պատերազմին մէջ մնացած եւ դժուարին պայմաններու մէջ դպրոց յաճախող իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն:
Այցելութիւնը վերջ գտաւ սրբազան հայրերու միացեալ աղօթքով եւ օրհնութիւններով։
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ
asbarez.com