Ամերիկահայ Բարեգործ Հրաչ Թուֆայեան Պարգեւատրուեցաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «Պօղոս Նուբար» Մետալով

Հոկտեմբեր 16-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ամերիկահայ գործարար, բարեգործ, Հրաչ Թուֆայեանը, տիկնոջը` Սիւզան Թուֆայեանը` «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու զարգացման համահայկական հիմնադրամի պատուոյ նախագահ Գաբրիէլ Ջեմպերճեանի ուղեկցութեամբ:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը բարձր գնահատեց Հրաչ Թուֆայեանի հայապահպան բարեգործական գործունէութիւնը ինչպէս Ամերիկայի հայ համայնքին մէջ, այնպէս ալ` Հայրենիքի մէջ:

«Ձեր ծնորղները Հայոց Ցեղասպանութիւնից մազապուրծ են եղել եւ հիմնաւորուելով Եգիպտոսում` զբաղուել են հացի արտադրութեամբ:  1963թ. տեղափոխուելով Միացեալ Նահանգներ` Դուք ԱՄՆ-ում յաջողութեամբ շարունակել էք Ձեր ծնողների գործը` հացի արտադրութիւնը, որն այսօր յայտնի է ողջ երկրում «Թուֆայեան» անուամբ ապրանքանիշով:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը կարեւոր համարեց այն հանգամանքը, որ գործարարն իր դրամագլուխը կ’օգտագործէ հայ մշակոյթի պահպանութեան ուղղուած բազմաթիւ ծրագիրներու  մէջ:

«Ձեր հովանաւորութեամբ ԱՄՆ-ի Օրլանտօ քաղաքում կառուցուել է Սբ. Յարութիւն եկեղեցին, Էջմիածնում` «Հրաչ եւ Սիւզան Թուֆայեան» անուամբ հայորդաց տունը, որտեղ սոցիալապէս անապահով քաղաքացիների համար գործում են անվճար ճաշարաններ, Արարատի մարզի Զանգակատուն գիւղում կառուցուել է մանկապարտէզ, կրթաթոշակներ էք տրամադրում Զանգակատուն գիւղի առաջադէմ երիտասարդներին, – նշեց ՀՀ սփիւռքի նախարարը` աւելցնելով, – բազմաթիւ են Ձեր բարեգործական նախաձեռնութիւնները, որոնք բոլորն էլ նպաստում են մեր երկրի կառուցմանն ու զարգացմանը»:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ուրախութեամբ ընդգծեց, որ Հրաչ Թուֆայեանի թոռնիկը այսօր կը շարունակէ իր մեծհօր գործը եւ ՀՕՖ-ի հետ միասին Դիլիջանի պետական մանկական antituberculous   առողջարանին մէջ հիմնած է հացի փոքր արտադրութիւն:

Հայաստանի  եւ Սփիւռքի մէջ բարեգործական գործունէութիւն    ծաւալելու, հայապահպանութեան  գործին մէջ առանձնայատուկ  ծառայութիւններու, Ամերիկայի հայ համայնքի գիտական, կրթական, մշակութային խնդիրներու լուծման գործին մէջ ունեցած մեծ աւանդի համար նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Հրաչ Թուֆայեանին պարգեւատրեց  ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Պօղոս Նուբար» մետալով:

Նախարարը նաեւ կարեւոր նկատեց տիկին Սիւզան Թուֆայեանի մասնակցութիւնը ամուսնուն բոլոր ձեռնարկումներուն մէջ, ինչն իր անխուսափելի ներդրումը  բերած է գործի յաջողութեան:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան եւ պարգեւի համար` Հրաչ Թուֆայեան նշեց. «Այնչափ յուզուած եմ, ինծի համար մեծ անակնկալ էր նախ այն, որ այսչափ քաջածանօթ էք իմ գործունէութեան, ապա նաեւ` «Պօղոս Նուբար» մետալին արժանանալը: Զօր միշտ  մօտս պիտի ըլլայ եւ յիշեցնէ  ինծի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ անձամբ Ձեր մասին, տիկին նախարար»:

Հանդիպման քննարկուեցան Ամերիկայի հայ համայնքէն ներս հայապահպանութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու մերձեցման  ուղղուած  շարք մը ծրագիրներ:

 

Scroll Up