Հայոց Ցեղասպանութիւնը Իտալական Քալեարի Քաղաքին ՄԷջ Միջազգային Ժողովի Առանցքային Թեման Է

Իտալիոյ Սարտինիա կղզիի սրտին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ համաեւրոպական մեծ ցոյց կը ծրագրուի: Այդ նպատակով իտալա-արաբական «Ասսադակահ» կեդրոնի նախաձեռնութեամբ Հոկտեմբեր 24-ին եւ 25-ին իտալական Քալեարի քաղաքին մէջ պիտի կայանայ Միջերկրածովեան քաղաքականութեան 2-րդ միջազգային ժողովը, որուն քննարկումներէն մէկը ամբողջութեամբ պիտի նուիրուի Հայոց ցեղասպանութեան:

Ինչպէս «Արցախփրէս»-ին կը տեղեկացնեն «Ասսադակահ» կեդրոնէն, երկու օր շարունակուելիք քննարկումներուն պիտի մասնակցին իտալացի եւ օտարերկրեայ քաղաքական գործիչներ, գիտնականներ ու լրագրողներ:

Հայոց ցեղասպանութեան մասին քննարկումները պիտի ըլլան Հոկտեմբեր 25-ին: Այդ օրը կրկին կ’ազդարարուի Քալեարի մէջ 2015թ. Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի տարի հռչակելու որոշման մասին: Խօսքով հանդէս պիտի գան Քալեարի քաղաքապետ   Մասսիմօ Զետան, Իտալիոյ մէջ Հայաստանի   դեսպան Սարգիս Ղազարեան,
«Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեան, Քալեարի համալսարանի հետազօտող Նիկոլայ Մելիսը, ռազմական լրագրող Թալալ Խրաիսը, հայկական ծագումով սուրիացի լրագրող Նաման Տարչանը, «Սպոնդասուդ» լրատուականի աշխարհաքաղաքական հարցերով խմբագիր, լրագրող Ալեսանտրօ Արամուն: Հայոց ցեղասպանութեան շուրջ քննարկումներու համակարգողը պիտի ըլլայ «Ասսադակահ» կեդրոնի գլխաւոր քարտուղար Ռայմոնտօ Սկիաւոնը: Միւս քննարկումները նուիրուած պիտի ըլլան Միջագետքի մէջ նոր աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ պատերազմական իրավիճակներուն մէջ լրատուամիջոցներու դերին ու նշանակութեան:

Իտալա-արաբական կեդրոնը բազմիցս հանդէս եկած է հայամէտ նախաձեռնութիւններով, որոնց նպատակն է վառ պահել 1915 թուականին հայերու դէմ իրականացուած զարհուրելի իրադարձութիւններու յիշատակը, որոնք պարզապէս ցանկացած են պաշտպանել իրենց հողը եւ հնագոյն մշակոյթը Օսմանեան բռնապետութենէն: Կեդրոնը Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցին 2015 թուականը հռչակած է Յիշատակի տարի Իտալիոյ մէջ: Այն նոյնիսկ եւրոխորհրդարանին  առաջարկած է յաջորդ տարին հռչակել Հայոց ցեղասպանութեան
յիշատակի տարի:

Scroll Up