Նախագահը Ընդունած Է ԵԽ Մարդու Իրաւունքներու Յանձնակատար Նիլս Մուիժնիկսը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր ընդունած է Եւրոպայի խորհուրդի մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Նիլս Մուիժնիկսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի լրատուական ծառայութենէն:

Նախագահը ողջունած է հիւրերը եւ ընդգծած, որ Հայաստանը մեծապէս կարեւոր կը համարէ Եւրոպայի մէջ մարդու իրաւունքներու հիմնական երաշխաւոր հանդիսացող կառոյցի` ԵԽ-ի հետ համագործակցութիւնն ու վերջինիս աջակցութիւնը մեր երկրին մէջ իրականացուող շարունակական բարեփոխումներուն: Նախագահի խօսքով, այդ ամէնուն մէջ, անշուշտ, մեծ դեր  վերապահուած է ԵԽ մարդու իրաւունքներու յանձնակատարի ինստիտուտին, որուն հետ Հայաստան աւանդաբար կառուցողական եւ փոխշահաւէտ մթնոլորտի մէջ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն  ունեցած է: Սերժ Սարգսեան գոհունակութեամբ  արձանագրած է, որ պարոն Մուիժնիկսի պաշտօնավարման ընթացքին ալ  այդ փոխգործակցութիւնը կը շարունակուի եւ վստահութիւն  յայտնած է, որ ԵԽ մարդու իրաւունքներու յանձնակատարի այցելութիւնը Հայաստան նոր խթան կը հանդիսանայ երկկողմ յարաբերութիւններուն:

Նիլս Մուիժնիկսը նշած է, որ տարբեր երկիրներ իր այցելութիւններու ժամանակ աշխատանքային յագեցած օրակարգէն տուեալ երկրի համար առաւել կարեւոր որոշակի խնդիրներ  կ’առանձնացնէ, որոնց վրայ ալ կը կեդրոնանայ հանդիպումներուն ընթացքին: Հայաստան այցելելուս, ըստ իրեն, որոշած են կեդրոնանալ դատական համակարգի բարեփոխումներու, կանանց եւ տղամարոց հաւասարութեան ու ընտանեկան բռնութիւններու դէմ պայքարի հարցերու վրայ: ԵԽ մարդու իրաւունքներու յանձնակատարն ընդգծած է, թէ ուրախ է տեղեկանալու, որ այդ բնագաւառներուն մէջ յառաջընթաց  արձանագրուած է:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցներն անդրադարձած են ՀՀ սահմանադրական բարեփոխումներու գործընթացին, ԵԽ-ին անդամակցելէ ետք Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման ընթացքին, ինչպէս նաեւ`  շարք մը ուղղութիւններով բարեփոխումներուն: Հանրապետութեան Նախագահը նշած է, որ ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ իրաւական պետութեան սկզբունքներու խորացման ուղղութեամբ վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ իրականացուած բարեփոխումները եղած են հետեւողական եւ որ ամէնակարեւորն է` ատոնք կը կրեն շարունակական բնոյթ: Եւրոպայի խորհուրդի աջակցութեամբ Հայաստանը լուրջ յառաջընթաց ունեցած է անդամակցութեամբ Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման գործընթացին մէջ, որոնց արդիւնքները տեսանելի են եւ անշրջելի:

Scroll Up