Հալէպի Նոր Գիւղի Բնակարանները կը Հրկիզուին Արգիլուած Նիւթով

Մարդու իրաւունքներու ոտնահարման անգերազանցելի արարքներ տեղի կ՛ունենան Հալէպի, ի մասնաւորի Նոր Գիւղի շրջանին մէջ: Այս մասին “Հայերն այսօր”-ին կը յայտնէ Հալէպի “Գանձասար” շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝ Զարմիկ Պօղիկեան։

Աղբիւրին համաձաձայն, հայահոծ այս տարածքը կ՛ենթարկուի հաբեկչականվայրագ գործողութիւններու: Նոր Գիւղը թիրախ դարձուցած ահաբեկչական զինեալ ընդդիմութեան հրոսակներու ինքնութեան մէջ յստակօրէն կարելի է տեսնել թրքական ներգործութիւնը:

Հայերուն պատկանող բնակարաններ կը հրկիզուին՝ միջազգայինօրէն արգիլուած Napalm նիւթով, որ գործածուեցաւ 2 Հոկտեմբեր 2014-ին, Հալէպի Նոր Գիւղի շրջանին մէջ:

Napalm- 1960-ական թուականներուն գործածուած էր Վիեթնամի պատերազմին, իսկ 2014ին` «Նոր Գիւղի պատերազմին»…:

Scroll Up