Արամ Ա Եւ Բարդուղիմէոս Տիզերական Պատրիարքը Հայկական Եկեղեցւոյ Մէջ Պատարագ Մատուցած Են

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա Կաթողիկոս եւ Կոստանդնուպոլսոյ տիեզերական պատրիարք Նորին մենասրբութիւն Բարդուղիմէոս Ա Յունաստանի Գիւմուլճինէ քաղաքի հայկական Սուրբ Գրիգոր եկեղեցւոյ հիմնադրման 180 ամեակին առիթով համատեղ պատարագ մատուցած են:
Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, վկայակոչելով «Ակօս» պարբերականը: Գիւմուլճինէի հայկական համայնքի ղեկավար Ստեփան Մաթեւոսեան քաղաքին մէջ բնակող շատ հայերու հետ դիմաւորած է Կաթողիկոսը եւ տիեզերական պատրիարքը: Վերջիններս պատարագէն առաջ կարճ ելոյթ ունեցած են:
Արամ Առաջինը յայտնած է, որ Բարդուղիմէոսի հետ ծանօթ են աւելի քան 40 տարի: «Երիտասարդ տարիներուն սերտ համագործակցած ենք Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի աշխատանքներու ժամանակ: Ժամանակի ընթացքին ան դարձաւ յոյներու տիեզերական պատրիարքը, իսկ ես Կիլիկիոյ կաթողիկոսը,
սակայն մենք պահպանեցինք մեր միջեւ առկայ բարեկամութեան եւ եղբայրութեան մթնոլորտը: Պատմութիւնն ալ վկայ է, որ հայկական եւ յունական եկեղեցիներու միջեւ մշտապէս բարեկամական յարաբերութիւններ եղած են»,- յայտարարած է Արամ Առաջինը` նշելով, որ թէ’ ինքը, թէ’ յոյներու տիեզերական պատրիարք
Բարդուղիմէոսը մշտապէս աշխատած են միասին երկու ժողովուրդներու եւ եկեղեցիներու միջեւ յարաբերութիւններն ամրապնդելու նպատակով:
Իր խօսքին մէջ Բարդուղիմէոս եւս խօսած է հայկական եւ յունական եկեղեցիներու միջեւ միջեկեղեցական երկխօսութիւնները շարունակելու պատրաստակամութեան մասին: