Կոմիտասի 145-րդ Յոբելեանը Պիտի Նշուի Շարք Մը Իրադարձութիւններու Իրականացմամբ
Սեպտեմբեր 26-էն Հոկտեմբեր 8 Հայաստանի մէջ պիտի իրականացուի «Կոմիտասեան օրեր» փառատօնը: Փառատօնի ծիրէն ներս պիտի ներկայացուի Կոմիտասի ժառանգութիւնը իր բոլոր շերտերով: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը:
Պիտի կազմակերպուին երգչախմբային, վոկալ եւ դաշնամուրային երաժշտութեան 5 համերգներ:
Իրադարձութեան կազմակերպիչներն են Կամերային երաժշտութեան ազգային եւ Հայ հոգեւոր երաժշտութեան կեդրոնները: ՀՀ մշակոյթի նախարարի տեղակալ Արթուր Պօղոսեան, «Կոմիտասեան օրեր» փառատօնին նուիրուած ասուլիսին ընթացքին նշեց, որ դժուար է գերագնահատել Կոմիտասի դերը երաժշտութեան զարգացման գործին մէջ:
«Մշակոյթի նախարարութեան այս տարուան ամենակարեւոր իրադարձութիւնը «Կոմիտաս-145» յոբելեանն է: Պիտի իրականացուին բազմաբնոյթ ձեռնարկներ: Մասնաւորապէս` պիտի ներկայացուի Կոմիտասի մասին պատմող շարժանկար, պիտի կազմակերպուին գիտաժողով, շարք մը համերգներ:
Իրադարձութիւնները պիտի ամփոփուին տարուան վերջը` մեծ համերգով»,- «Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ` նշեց Արթուր Պօղոսեան:
Փառատօնի կազմակերպիչ, Կամերային երաժշտութեան ազգային եւ հայ հոգեւոր երաժշտութեան կեդրոններու գեղարուեստական ղեկավար Մհեր Նաւոյեան, խօսելով «Կոմիտասեան օրեր» փառատօնի մասին, նշեց, որ փառատօնի իրականացման համար ընտրուած է վարդապետի ծննդեան օրը` հին եւ նոր տոմարներով:
Կոմիտասեան օրերու մեկնարկը պիտի տրուի սեպտեմբեր 26-ին Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պանթէոնին մէջ: Մտաւորականները եւ երաժշտասէր հասարակութիւնը յարգանքի տուրք պիտի մատուցեն մեծ երգահանի շիրիմին: Փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբեր 26-ին, «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ, իսկ հոկտեմբեր 2-ին, 4-ին, 7-ին եւ 8-ին Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ կ’իրականացուին շարք մը համերգներ:
Փառատօնին պիտի մասնակցին Հայաստանի պետական կամերային երգչախումբերը եւ «Գեղարդ» երգեցիկ խումբը` Ռոբերտ Մլքեյեանի, Սօնա Յովհաննիսեանի, Յարութիւն Թօփիկեանի եւ Մհեր Նաւոյեանի ղեկավարութեամբ: Որպէս մենակատարներ հանդէս պիտի գան դաշնակահարներ Արմէն Բաբախանեան, Կարինէ Օհանեան, Անտրէ Կուրբետը, մեներգիչներ Յասմիկ Թորոսեան (սոփրանօ), Լիպարիտ Աւետիսեան (թենոր), Լուիզա Երեմեան (սոփրանօ), Անահիտ Պապայեան (սոփրանօ), նուագակցող` Արմէն Աղաջանեան (դաշնամուր):
«Փառատօնը իր առջեւ նպատակ դրած է ներկայացնել Կոմիտասին այնպիսին, ինչպիսին որ կայ: Այս օրերուն պիտի հնչեն միայն կոմիտասեան բնագիրներ: Փառատօնի ընթացքին հանդէս պիտի գան տարբեր խումբեր»,- նշեց Մհեր Նաւոյեան:
Հայաստանի պետական կամերային երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար Ռոբերտ Մլքեյեան ցաւով նշեց, որ այն գոհարը , որ Կոմիտասը ստեղծած է , յաճախ կ’աղաւաղուի: «Մենք ամէն տարի պէտք է նշենք Կոմիտասի ծննդեան օրը»,-համոզուած է ան:
Նկատի ունենալով Կոմիտասի ժառանգութեան հսկայական ազդեցութիւնը հայ երաժշտարուեստի զարգացման ասպարէզին մէջ` 2014 թ. ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան մշակութային ծրագիրներուն Կոմիտասի ծննդեան 145-ամեայ յոբելեանի նշումը եւ կոմիտասեան ժառանգութեան հանրահռչակումը ՀՀ կառավարութեան 2014 թ. յունուար 9-ի N 10 որոշման համաձայն ընդունած է որպէս գերակայ ուղղութիւն: Այդ առիթով նախարարութիւնը իրականացուցած է եւ կ’իրականացնէ բազմաբնոյթ յոբելեանական ձեռնարկներ, որոնց նախապատրաստական աշխատանքները սկսած են դեռ 2012 թուականէն, երբ ՀՀ նախագահի նախաձեռնութեամբ եւ «Փիւնիկ» հիմնադրամի ֆինանսաւորմամբ հիմք դրուեցաւ Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկի կառուցման:
Ընթացիկ տարուան տպագրուած է Գէորգ Գեօդակեանի «Կոմիտաս» գիտական ուսումնասիրութիւնը` անգլերէն թարգմանութեամբ, ընթացքի մէջ է Արթուր Շահնազարեանի` Կոմիտասին նուիրուած գիտահանրամատչելի վէպի ստեղծումը: Մինչեւ տարուան վերջը «Սոնի» ձայնագրման արուեստանոցին մէջ պիտի տպագրուի նաեւ «Կոմիտաս» ժողովածուն, որ կը պարունակէ Կոմիտասի ողջ ստեղծագործական ժառանգութիւնը` Հանրային ռատիօյի ոսկէ տուփին մէջ պահպանուած եւ ժամանակակից երգչախումբերու ձայնագրութիւններով, Multimedia սկաւառակով (յառաջաբանը` Գ. Գեօտակեանի):
2014 թուականին Կոմիտասի յոբելեանը նշուած է նաեւ երաժշտական նախագիծերով: Մարտ 25-էն մայիս 3 իրականացուած է «Երգող Հայաստան» մանկապատանեկան երգչախումբերու 7-րդ հանրապետական մրցոյթը, որուն մասնակցած են շուրջ 80 մանկապատանեկան երգչախումբեր` Երեւանէն, ՀՀ մարզերէն եւ Արցախէն (66` ՀՀ մարզերէն եւ Արցախէն): Մրցոյթի ծիրէն ներս 300 օրինակ տպաքանակով հրատարակուած եւ փառատօնի ընթացքին մասնակից խումբերուն, այնուհետեւ Երեւանի, մարզերու եւ Արցախի երաժշտական, արուեստի եւ հանրակրթական դպրոցներուն յանձնուած է Կոմիտասի «Մանկական խմբերգներ» ժողովածուն:
Ապրիլ 10-22 Գիւմրիի մէջ կայացած է երաժիշտ-կատարողներու «Վերածնունդ» մրցոյթ-փառատօնը, որուն մասնակցած են շուրջ 3027 երաժիշտներ, 743-ը` 35 երկիրներէ: Համաձայն փառատօնի կանոնակարգի` մասնակիցները 14 անուանակարգերու մէջ հանդէս եկած են Կոմիտասի ստեղծագործութիւններու կատարումներով:
Հանրապետութեան հեղինակաւոր երաժշտական խումբեր եւ երաժիշտ-կատարողներ տարբեր ժանրերու մէջ, կոմիտասեան ծրագիրով հանդէս եկած են ոչ միայն Երեւանի մէջ, այլեւ ՀՀ մարզերու մէջ: Համերգային ծրագիրները պիտի շարունակուին մինչեւ տարուան վերջը:
Կը նախատեսուի ամբողջ տարուան ընթացքին իրականացնել Կոմիտասի յոբելեանին նուիրուած ձեռնարկներ: Սեպտեմբեր 29-ին «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հայկ» արուեստանոցի նկարահանած «Կոմիտասեան համանուագ անլռելի» փաստավաւերագրական շարժանկարի շնորհանդէսը: Դեկտեմբերին Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ պիտի ներկայացուի Էդ. Յովհաննիսեանի «Անտունի» պալէի համերգային կատարումը:
Յոբելեանական տարին պիտի ամփոփուի դեկտեմբեր 8-ին Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ` Երգչախմբային արուեստի
միջազգային օրուան առթիւ կայանալիք համերգով: 2015 թուականին ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ պիտի իրականացուի Կոմիտասին նուիրուած միջազգային գիտաժողով, պիտի ստեղծուի «Վարդապետի լռութիւնը» խաղարկային շարժանկարը, որ կ’արծարծէ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը: