Air Armenia-ի Թռիչքները Պիտի Կատարուին Ըստ Չուացուցակի

Ռուսիոյ մէջ Air Armenia-ի ներկայացուցչութիւնը կատարած է համապատասխան վճարումները եւ օդանաւային ընկերութեան բոլոր թռիչքները պիտի կատարուին ըստ չուացուցակի: Այս մասին PanARMENIAN.Net- ի հետ զրոյցին ըսած է  օդանաւային ընկերութեան մարքեթինկի  բաժինի ղեկավար Սիրական Համբարձումեան` աւելցնելով, որ վճարումներու արդիւնքով ռուսական կողմէ ստացուած է հեռագիր առ այն, որ ընկերութեան բոլոր չուերթները պիտի սպասարկուին առանց սահմանափակումներու:

Սեպտեմբեր 11-ին «Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ օդային երթեւեկութեան կազմակերպման պետական ընկերութեան  ձեռնարկութիւնը յայտարարութիւն տարածած էր, ըստ որուն սեպտեմբեր 21-էն պէտք է դադրեցնէր Air Armenia օդանաւային ընկերութեան օդագնացութեան  սպասարկումը ՌԴ օդային տարածքին մէջ:

«Տեւական ժամանակ է, որ Պետական ընկերութիւնը յետաձգած է հայկական օդանաւային փոխադրողի համար ՌԴ տարածքին մէջ օդագնացութեան  սպասարկման համար վարձի գանձումը: Հակառակ անոր, որ Air Armenia-ին բոլոր հնարաւորութիւնները տրուած էին պարտքերը մարելու համար, ընկերութեան ղեկավարութիւնը գործուն միջոցներ չձեռնարկեց պարտքային բեռը թեթեւցնելու համար: Այժմ Air Armenia-ի ժամկէտանց պարտքը կը կազմէ մօտ 400.000 տոլար, ընթացիկը` աւելի քան 700.000 տոլար»,- կը նշուէր հաղորդագրութեան մէջ:

Սակայն Սիրական Համբարձումեան պարզաբանած էր, որ Ռոսաւիացիայի հետ կապուած խնդիրը զուտ տեխնիկական է եւ չուացուցակի վրայ որեւէ ձեւով չ’անդրադառնար: «Վերջին շրջանին մեր կողմէ իրականացուող փոխանցումները չեն հասնիր հասցէատիրոջը: Պատճառը պարզ է` ԱՄՆ-ի եւ ԵՄ կողմէ իրականացուող պատժամիջոցները»,- նշած էր ընկերութեան մարքեթինկի բաժինի ղեկավարը:

Scroll Up