ՀՀ Նախագահն Ու Բարձրաստիճան Միւս Պաշտօնեաներն Այցելած Են «Եռաբլուր» Պանթէոն
Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 23-րդ տարեդարձին առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդի, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ եւ ՀՀ բարձրագոյն ղեկավարութեան ուղեկցութեամբ այսօր այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն, յարգանքի տուրք մատուցած իրենց կեանքը Հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:
Մերօրեայ անկախութեան կերտողներու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելու համար «Եռաբլուր»- այցելած էին նաեւ Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան, ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, ՀՀ գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեան, պատգամաւորներ եւ բարձրաստիճան այլ անձիք: