Թուրքիոյ Նախագահութեան Քիւրտ Թեկնածուն Հանդիպում Ունեցած Է Հայ Համայնքին Հետ

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահի թեկնածու Սելահետտին Տեմիրթաշ հանդիպում ունեցած է երկրի հայ, ասորի, յոյն եւ հրեայ համայնքներու ներկայացուցիչներու հետ:

Նախագահի քիւրտ թեկնածու, Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սելահետտին Տեմիրթաշ նշած է, որ եթէ Թուրքիոյ մէջ իսլամը հրեային «եղբայր» չի կրնար կոչել, ուրեմն անցնող ամէն օր այդ երկրին մէջ կեանքը աւելի պիտի բարդանայ:

Դռնփակ հանդիպումէն ետք` Տեմիրթաշ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն ըսած է, որ թէեւ իրենց ինքնութիւնները, կրօնները տարբեր էին, սակայն խօսելու ընդհանուր շատ նիւթեր ունէին` համատեղ կեանքը, ազատութիւնը, ժողովրդավարութիւնն ու եղբայրութիւնը:

«Ասիկա ինծի համար շատ հաճելի, օգտակար եւ ուսուցողական հանդիպում էր», ըսած է Տեմիրթաշ:

«Ազդակ»

Scroll Up