Google Maps-ը Ատրպէյճանին Ջղագրգռութեան Հասցուցած Է

Համաշխարհային որոնողական Google Maps ծրագիրին մէջ Արցախի տարածքին մէջ «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն» գրութիւնը եւ շարք մը այլ շրջաններու մօտ հայատառ անուանումներու առկայութիւնը ջղագրգռութիւն յառաջացուցած է Ատրպէյճանի մէջ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, ատրպէյճանական «ԱՊԱ» գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այդ երկրի գիտութիւններու ազգային ակատեմիոյ երկրաշարժներու ուսումնասիրութեան  բաժինը իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են այս փաստի առընչութեամբ եւ միջազգային որոնողական քարտէզին մէջ նման գրութիւններու յայտնուիլը որակած են իբրեւ սադրանք Ատրպէյճանի նկատմամբ: Անոնք նշած են, որ նմանօրինակ միջադէպեր եղած են նաեւ անցեալին եւ միայն իրենց երկարատեւ պնդումներէն ետք ատոնք հեռացուած են: «Ցաւօք պէտք է յայտարարենք, որ Google-ը պարբերաբար նման սադրանքներ թոյլ կու տայ»,- յայտարարած են Ատրպէյճանի գիտութիւններու ազգային ակատեմիոյ աշխատակիցները:

armenpress.am

Scroll Up