Տարբեր երեկոյ մը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/06/galaxias-omadiki_11-6-14.jpg)
Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէի Քարոզչական Յանձնախումբը, ընդառաջելով Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութեան առաջարկին, ստանձնած ու կազմակերպած էր երեկոյ՝ նուիրուած հատորի մը ներկայացման:
“To Xάλκινο μενταγιόν” գրքի հեղինակը Ալեքսանտրոս Բաբաքիրիաքու, Հայերու եւ Պոնտոսցիներու արիւնալի ոդիսականէն ներշնչուած կը վերադառնայ մեծ աղէտի օրերուն պատմելով Հայու մը ճանապարհագրութիւնը տասնամեակներու ընդմէջէն:
Ներկայացման ներածականը կատարեց Սեդրակ Այվազեան, որ ճարտարօրէն շաղկապեց գրքի հերոսի պատմութիւնը հայութեան ապրած արհաւիրքին, Հայ Դատի ճամբով մինչեւ օրս ծաւալուող աշխատանքներուն ու հայկական պահանջատիրութեան, հասնելով մինչեւ Քեսապի մերօրեայ տագնապալի հարցին եւ այդ շրջանի փրկութեան հրամայականին:
Թագուհի Տէր Յովակիմեան-Աւագեան հմտօրէն գրքի գրախօսական արժեւորումը կատարեց յաջող մէջբերումներով ու նկատառելի արհեստագիտութեամբ:
Մինչ հեղինակը գրքի հատուածներ կ՝ընթերցէր Մարի Միքայէլեան դաշնակով կ՝ընկերակցէր անոր զգայնութեամբ, երազական մթնոլորտ մը ստեղծելով «Ղալաքսիաս» կեդրոնի սրահէն ներս:
Ձեռնարկի նկարագրականը սովորական թղթակցութեան մը սահմաններէն անդին պիտի չերթար եթէ Յունիս 5-ի երեկոն իր անսովոր բովանդակութեամբ ու ճաշակով չխթանէր ներկաներու աներեւոյթ զգայարանքները ՝ ուղեղը, սիրտը եւ հոգեկանը: Ներկայացուած գրքի էջերը չէին անպայման որ կերպաւորեցին ներկաներու տրամադրութիւնները այլ ձեռնարկի կլիման, որ քաղաքակրթութիւն կը բուրէր: Անկախ մասնակի նախասիրութիւններէ, անկախ ազգային դիւրազգացութեան ստեղծած յօժար ընդունակութենէն, տարբեր ու գնահատելի նախաձեռնութեան մը ամբողջութիւնն էր, որ աշխատանքի օրուայ մը կուտակած յոգնութիւնը կը վերածէր հանդարտ ու բարեկամական զրոյցներու ձեռնարկի վերջաւորութեան՝ երբ քով քովի գտնուելով տեղեկութիւններ փոխանակելով, կեդրոնէն մեկնելու որոշումը յետաձգելով, իրարմով բաւարարուելու տրամադրութիւնն էր որ կը գերիշխէր:
Ամէն ինչ ունի իր տեղն ու իմաստը, իսկ ծրագրումի եւ իրագործման տեսակը կը ձեւաւորէ նաեւ արդիւնքի որակը:
Ներկայ մը