Քեսապի Ժիրայրն Ու Նոր Երգը

Բոլոր քեսապցիները անպայման լսած են Ժիրայրին երգերը, որոնք միշտ ճոխացուցած են Քեսապի բոլոր ուրախ առիթները:

Ժիրայր Թրթռեան ծնած է Թրիփոլի: Սակայն Լիբանանի պատերազմին պատճառով, տակաւին պատանի, փոխադրուած է Քեսապի Չաքալճոխ գիւղը: Տակաւին մանուկ` սիրած է հայ երգը եւ ուրախութիւնը: Ան երգած է եւ տակաւին կ՛երգէ Քեսապի բարբառով:

Կը սիրէ Քեսապը, իր բոլոր ընկերները տարբեր պատճառներով ձգած են հայրենի գիւղը եւ գաղթած են արտասահման, սակայն ինք սիրած է Քեսապը եւ ներկայ պայմաններուն ձգեց իր գիւղը:

Ժիրայր ամոն կը սիրէ արուեստը, սակայն կեանքի ու ապրուստի պայմաններու բերումով վերջին տարիներուն զբաղած է բուխերիկներ շինելով:
Ան ունի իր անձնական երգերու ձայնապնակը: Երգերուն մեծ մասին բառերը եւ եղանակները ինք ըրած է:

Քեսապի վերջին խաղիկը շինողը ինքն է, որովհետեւ իր ընկերը` Կիրակոս Սաղտճեան, որ ճանչցուած է Ճտտօ ծածկանունով քանի մը տարիներ առաջ մահացաւ:

Մաղթանքս է, որ Քեսապը վերադառնայ քեսապցիներուն եւ Ժիրայր ամոյին ձայնը դարձեալ ճոխացնէ Քեսապի ուրախութիւնները:

ՍԵՒԱՆ Ճ. ԱԲԷԼԵԱՆ

Պըր Դառնունք Քեսուօպ

Քեսբըցէն Քեսբու պերպըվուօծ,
Հերեր տէրվին ամակը թալանվուօծ,
Նամիէյը աղուրի քէնըզ միեալը,
Ըրվինէս հուճումից այնի գալը:

Գիլլօն փանջիէն հիգգա խելիսիցունք,
Լետկու կղիցէն բուօյը ճուղվիցունք,
Հէնկիէ հուսսու հունու ճաղպիցունք,
Էնգուն ուղդուօվ պըր դառնունք:

Ումօտ չը կտրինք, կը դառնունք,
Պէպկըննիրէն հագիեօդը չպըր մառնունք,
Չուօցըր դառձուօծ պէտուօծին,
Հէմու նուօպը մի տըվուօծին:

Պըր դառնունք էնգուն ուղթուօվ,
Թի քուօր քարա չմընուօց չէրըր ըղուօվ,
Թի նստենք հէսսըրէն, պըր դառնունք,
Էնգուն ուղղուօվ պըր դառնանք:

ԺԻՐԱՅՐ ԹՐԹՌԵԱՆ

23 ապրիլ 2014

Պիտի Վերադառնանք Քեսապ

Քեսապցին Քեսապէն պարպուած,
Հարիւր տարուան աշխատանքը թալանուած,
Ոչ մէկը լաւ է, քան միւսը,
Մեր վրայ յարձակեցաւ նոյն գայլը:

Գայլին ճիրանէն հոգի ազատեցինք,
Լաթաքիոյ եկեղեցիին բակը հաւաքուեցանք,
Անկէ հոս ու հոն ցրուեցանք,
Ուշ կամ կանուխ պիտի վերադառնանք:

Յոյսը պիտի չկտրենք
Պիտի դառնանք պապուկներուն
Պատմութիւնը պիտի չմոռնանք:
Անոնք ինչպէս վերադարձած են
Հերթը հիմա մեզի տուած են:

Ուշ կամ կանուխ պիտի դառնանք,
Եթէ քար քարի վրայ չմնաց
Պիտի դառնանք, խսիրի վրայ պիտի նստինք
Ուշ կամ կանուխ պիտի դառնանք:

«Ազդակ»

Scroll Up