«Պէտք Է Յիշել». Forbes-ը Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկը Ներառած Է Պարտադիր Այցելութիւններու Շարքին

Ամերիկեան հեղինակաւոր Forbes հանդէսը «Պէտք է յիշել» խորագիրով ներկայացուցած է այն 9 թանգարաններու ցանկը, որ պէտք է այցելէ իւրաքանչիւրը: Շարքին մէջ ներառուած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը Երեւանի մէջ, որ բացուած է 1995-ին` ցեղասպանութեան 80-ամեակին ընդառաջ: Թանգարանի մշտական ցուցադրութեան մէջ ներկայացուած են փաստաթուղթեր, վաւերագրական արժէք ունեցող լուսանկարներ, բազմատեսակ նիւթեր, որոնք կը ներկայացնեն 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը 2015-ին կը վերաբացուի ու կը ներկայանայ նոր ցուցադրութեամբ. այն բացառիկ կ’ըլլայ թէ՛ որակով, թէ գիտականութեա՛մբ: Թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան յայտարարած է, որ մշտական ցուցադրութեան տարածքը պիտի մեծնայ երկուսուկէս անգամ, ներառուող նիւթը երկու անգամ աւելի պիտի ըլլայ, քան նախորդ ցուցադրութեան: Այս  բացարձակապէս նոր ձեւաւորման լուծումներով եւ նոր տեքնոլոկիաներով ցուցադրութիւն պիտի ըլլայ, ինչ որ գիտական-հաւաքական աշխատանքի արդիւնք է:

Forbes-ի առաջարկած միւս թանգարանը «Թիթանիկ Պելֆասթ»-ն է Հիւսիսային Իրլանտայի մէջ: Սա յայտնի նաւուն նուիրուած աշխարհի խոշորագոյն թանգարանն է: Հէնց այս վայրին մէջ է XX դարասկիզբին կառուցուան նաւը, որ խորտակուեցաւ առաջին իսկ նաւագնացութեան ժամանակ 1912-ին: Թանագարանի շէնքը 38 մեթր է, այն կը զբաղեցնէ 12.000 քառակուսի մեթր տարածք:

Յաջորդը Հարաւաֆրիկեան Հանրապետութեան Եոհանեսպուրկ քաղաքին մէջ գտնուող Ապարտէիտի թանգարանն է: Խուլ աղիւսէ պատերով որպէս բանտ կառուցուած շէնքը այցելուներուն առջեւ դռները բացած է 2001-ին: Թանգարանը նուիրուած է երկրին մէջ 1948 – 1994թթ իրականացուող ցեղային խտրականութեան քաղաքականութեան:
Այցելուներուն այստեղ կ’առաջարկեն սեփական մաշկի վրայ զգալ` ինչ  կը նշանակէ ցեղային խտրականութիւն. Մուտքի մօտ, անկախ այցելողի ցեղային պատկանելիութենէն, սեւ կամ սպիտակ քարտ տալով կ’ուղղորդեն ճիշդ ճանապարհով:

Խաղաղութեան յուշահամալիր-թանգարանը Հիրոշիմայի մէջ, որ կառուցուած է 1955-ին` ի յիշատակ Հիրոշիմայի եւ Նագասակիի ռմբահարման, նոյնպէս այս ցանկին մէջ է: Թանգարանը կառուցուած է ճարտարապետ Քէնդզօ Թանգայի նախագիծով, որ կը ղեկավարէր Հերոշիմայի վերակառուցումը 1945-ի ռմբակոծումէն ետք:Թանգարանի ցուցադրութեան մէջ ներառուած են հիւլէական պայթումի հետեւանքները ներկայացող Photo եւ viteo նիւթեր, ականատեսներու վկայութիւններ: Ի դէպ, յուշահամալիր այցելութիւնը ներառուած է Ճափոնի դպրոցներու ուսումնական ծրագիրին մէջ:

Forbes-ը պարտադիր կը համարէ նաեւ այցը Կուլակ-ի թանգարան Մոսկուա:
Այն բացուած է 2001-ին: Հիմնադիրը` Անտոն Անտօնով-Ովսիենկոն, 13 տարի ապրած է  Ստալինի ճամբարներուն մէջ:Հիմնական հաւաքածուին մէջ ներկայացուած են փաստաթուղթեր, նամակներ, նկարներ ու Կուլակ-ի բանտարկեալներու անձնական իրեր: Ի դէպ, հաւաքածուն մինչեւ օրս կը համալրուի: Իսկ ճամբարային կենցաղի անբաժան որոշ մասեր (մեկուսարանն ու զօրանոցի մէկ հատուածը) անգամ վերակառուցուած են թանգարանի սրահներուն մէջ:

1992-ին Քիեւի մէջ բացուած 20-րդ դարու խոշորագոյն մարդածին աղէտի` Չեռնոպիլի թանգարանը ունի 7000 ցուցանմուշ: Այստեղ կարելի է  տեսնել վթարուած ատոմակայանի 4-րդ բլոկի գործող մանրակերտը:

Ցանկին մէջ են նաեւ Ջրային աղէտներու թանգարանը, որ կը գտնուի Ղրիմի Մալորեչենսկոյէ գիւղին մէջ ու նուիրուած է ջրային տարերքի զոհ դարձած նաւաստիներուն, ձկնորսներուն ու ճանապարհորդներուն, եւ Հրեաներու Հոլոքոստի թանգարանը Երուսաղէմի մէջ, որ հիմնուած է 1953-ին:
www.panarmenian.net

Scroll Up