Ազգային Պատկերասրահը Մինչեւ Տարուան Վերջը Հանրութեան Պիտի Ներկայանայ Նոր Ցուցահանդէսներով
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/05/51219_orig.jpg)
Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ 2014 թուականի ընթացքին կը բացուին նոր եւ հետաքրքիր ցուցահանդէսներ: Տարուան սկիզբը մշակութային օճախին մէջ արդէն իսկ սկսած է «Ցուցահանդէսային շքերթ». բաւական է նշել, որ վերջերս պատկերասրահը հիւրընկալեց եւ կը շարունակէ իր հիւրընկալ յարկին ներքոյ ներկայացնել Սալուատոր Տալիի, Պրունօ Պրունիի, Յակոբ Յակոբեանի, Ժան Քազանճեանի եւ այլ յայտնի արուեստագէտներու գործերը:
«Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ, լրագրողներուն հետ զրոյցին Հայաստանի ազգային պատկերասրահի տնօրէն Փարաւոն Միրզոյեան ընդգծեց, որ մէկ ամիսէն Լեհաստանի մէջ պիտի բացուի Յովհաննէս Այվազովսկիի անհատական ցուցահանդէսը:
«Այնուհետեւ հոկտեմբերին Հայաստան կը բերենք նկարիչ Թէոտոր Աքսենտովիչի գործերը: Վերջինս ազգութեամբ եւ արմատներով հայ է, սակայն ապրել եւ ստեղծագործել է Լեհաստանում: Շատ եմ կարեւորում այդ ցուցահանդէսը: Կը հիւրընկալենք նաեւ ամերիկայում ապրող հայ նկարիչ Դանիէլ Վարուժանի (Դանիէլ Վարուժան Էջինեան) ցուցահանդէսը: Յետագայում կ’ունենանք Սեդրակ Առաքէլեանի, այնուհետեւ էդուարդ Իսաբէկեանի յոբելեանական ցուցահանդէսները»,-նշեց Փարաւոն Միրզոյեան:
Տարուան վերջը պատկերասրահին մէջ պիտի բացուի նաեւ Փարաւոն Միրզոյեանի ցուցահանդէսը` իր 65-ամեայ յոբելեանի առիթով: 2015-ը եւս հագեցած պիտի ըլլայ անակնկալներով: Սկիզբը կը կատարուի Փանօս Թերլեմեզեանի յոբելեանական ցուցահանդէսի բացումը:
«Ծրագրում ենք յաջորդ տարի Մեծ Եղեռնին նուիրուած ցուցահանդէս կազմակերպել: Մտածում եմ, որ կարելի է ներկայացնել ոչ միայն հայկական Եղեռնը, այլեւ ընդհանրապէս մարդկութեան եղեռնները: Կան եղեռններ, որոնք այդքան էլ ճանաչուած չեն, ինչպէս հայկականը:
Ցուցահանդէսի միջոցով մենք կը տեսնենք, թէ ինչ է եղել: Մտածում ենք` ինչ նկարիչներ կան տարբեր երկրներում, որոնք անդրադարձել են այդ թեմային», աւելցուց Փարաւոն Միրզոյեան:
Հայաստանի ազգային պատկերասրահը ծնունդ առած է 1921 թուականին` Խորհրդային Հայաստանի կառավարութեան որոշմամբ, որպէս Պետական թանգարանի հինգ բաժիններէն մէկը` արուեստի բաժինը: Այդ ժամանակ թանգարանի տնօրէն նշանակուած է Մարտիրոս Սարեան, իսկ գեղարուեստի բաժինի վարիչ` նկարիչ Վրթանէս Ախիկեան: