Գիրքի Միջազգային Փառատօն Թեհրանի Մէջ

Ապրիլ 29-էն մայիս 11 Թեհրանի «Մոսալլա» մզկիթի տարածքին մէջ տեղի ունեցաւ Թեհրանի 27-րդ Գիրքի միջազգային փառատօնը, որուն կը մասնակցէին շուրջ երեք հազար գրահրատարակչական կազմակերպութիւններ Իրանէն եւ արտասահմանէն, իսկ ցուցահանդէսին առանձին  հատուած մը տրամադրուած էր Թեհրանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու տաղաւարներուն:

Փառատօնին ներկայացուեցաւ նաեւ Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան տաղաւարը, որուն աշխատանքները կազմակերպուած էին Թեհրանի «Հայկական հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն» կազմակերպութեան հետ համագործակցութեամբ:

Հայկական տաղաւարին մէջ ներկայացուած էր բազմաքանակ գրականութիւն, որ կը վերաբերէր Հայ դատին, Արցախին, հայոց պատմութեան, արուեստին, ճարտարապետութիւն եւ շարք մը այլ թեմաներու:

Թեհրանի 27-րդ Գիրքի միջազգային փառատօնին առանձին տաղաւարով ներկայկացուած էր նաեւ Իրան-Հայաստան բարեկամութեան միութիւնը, որ ցուցահանդէսի այցելուներուն կը ներկայացնէր պարսկալեզու հրատարակութիւններ` Հայաստանի, հայ ժողովուրդի եւ հայկական մշակոյթի մասին:

Ցուցահանդէսի ծիրէն ներս Իրանի մօտ ՀՀ դեսպան Գրիգոր Առաքելեան իրանական կողմի հրաւէրով հանդէս եկաւ «Հայ առեւտրականներու դերը Իրանի միջազգային առեւտրի մէջ` 17-րդ դարու առաջին քառորդին» խորագիրով դասախօսութեամբ, որ իրականացուեցաւ Պարսից ծոցի պատմութեան նուիրուած սրահին մէջ:

Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Scroll Up