Արամ Խաչատրեանի Տուն-Թանգարանին Մէջ Կը Ցուցադրուին Թիֆլիսեան Թեմաներով Գեղանկարչական Աշխատանքներ

Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանին մէջ ապրիլ 22-ին տեղի կ’ունենայ «Թիֆլիսեան նոստալգիա» խորագիրով երեկոյ: Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուցին ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն, թանգարանի սրահին մէջ բացուած ժամանակաւոր ցուցադրութեան պիտի ներկայացուին թիֆլիսեան թեմաներով գեղանկարչական աշխատանքներ (Լեւ Բայախչեւ, Գեւորգ Գրիգորեան, Ալբերտ Դիլբարեան, Շալուա Մատուաշուիլի, Թէմուրազ Մաճավարիանի, Լեւան Ճողոշուիլի):

Համերգին պիտի հնչեն վրացի եւ հայ բանաստեղծներու եւ երգահաններու ստեղծագործութիւններ, ելոյթ կ’ունենան Վաժա Ազարաշուիլին, Վիլլի Գրիգորեան, Անրի, Քրիստինա եւ  Ռեգինա Մեյրաբովները, Բաչանա Ցիրքուաձեն, Սամուէլ Էլբակեան, Թամարա Եաշակեանց, Արմինէ Գրիգորեան: Համերգը կը վարէ Ալեքսանդր Պիրադովը:

armenpress.am

Scroll Up