Ֆրանքաֆոնիայի Ամիսը Աւարտեց

Երեւանի Սիամանթոյի անուան թիւ 162 դպրոցին մէջ ամփոփուած է ֆրանքաֆոնիայի դպրոցական ձեռնարկներու ամիսը: Մարտ 10-էն ապրիլ 16 Երեւանի հիմնական դպրոցներէն 49-ի մէջ, ուր ֆրանսերէնը կ’ուսուցանուի խորացուած եղանակով, կազմակերպած են կրթական, մշակութային բեմականացուած բազմաթիւ ձեռնարկներ, բաց դասեր, եղած են ֆրանսերէն համատեղ ձեռնարկներ:
Երեւանի քաղաքապետարանի հանրակրթութեան վարչութեան պետ Գայիանէ Սողոմոնեան շնորհակալութուն յայտնած է դպրոցներուն եւ յատկապէս ֆրանսերէնի ուսուցիչներուն` ֆրանքաֆոնիայի ամսուան նուիրուած բովանդակալից ձեռնարկներ կազմակերպելու համար:
Ամփոփիչ ձեռնարկին ներկայ ՀՀ-ի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան մշակութային գիծով կցորդ Ֆապիէն Նէյրան եւս կազմակերպուած բազմաթիւ ձեռնարկներու համար շնորհակալութիւն յայտնած է մասնակից դպրոցներուն, ուսուցիչներուն, ինչպէս նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանին` Ֆրանքաֆոն երկիրներու միութեան հետ արդիւնաւէտօրէն համագործակցելու եւ ֆրանսախօսութեան օրերը այսչափ կարեւորելու համար:
Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան
եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւն